2018-02-12 13:30:00

Մանուկ - Զինուորներու շահագործումի դէմ միջազգային օր – Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 12 փետրուար 2018-ի կը նշուի Մանուկ  - Զինուորներու շահագործումի դէմ միջազգային օրը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ մանուկ-զինուորներու շահագործումը ողբերգութիւն մըն է իր մօտիկութիւնը արտայայտելով անոնց ընտանիքներուն։

«Զօրեղ ցաւ կը զգամ՝ բոլոր այն մանուկներուն համար որոնք իրենց ընտանիքներէն խլուած են ու շահագործուած որպէս զինուորներ։ Այս մէկը ողբերգութիւն մըն է» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.