2018-02-12 08:40:00

Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ողիմպիական շքերթին։


ՓԻՈՆԿՉԱՆԿ.- Փիոնկչանկի «Ողիմպիական» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 23րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Երկիրներու պատուիրակութիւնները ողիմպիական շքերթին մասնակցեցան ըստ քորէական այբուբենի հերթականութեան: Հայաստանի խումբը դուրս եկաւ 42րդը: Մեր երկրի դրօշակակիրը դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեանն էր:

Շքերթին մասնակցեցան նաեւ պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Բոլշիկեան, Հայաստանի դահուկային մարզաձեւի համադաշնութեան գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան, ոլիմիպիական մարզիկներ Կատիա Գալստեան, Աշոտ Կարապետեան, դահուկավազքի եւ լեռնադահուկային մարզաձեւի Հայաստանի հաւաքականներու մարզիչներ Արթուր Միքայէլեան եւ Սէյրան Յարութիւնեան:

Եռագոյն








All the contents on this site are copyrighted ©.