2018-02-12 08:35:00

Բուն Բարեկենդան – Քառասնորդաց Ա. Շաբաթ. Ադամի մուտքը դրախտ (11 –18 Փետրուար 2018)


12 Փետրուարին  սկիզբ կ՝առնէ Քառասնորդաց Մեծ Պահքի շրջանը։

Կիրակի 11 Փետրուարին ` Բուն Բարեկենդան էր Հայ Եկեղեցւոյ մօտ, որ կը նշանակէ թէ այդ օրը կարելի էր ամէն բան ուտել եւ խմել, մեծ Պահքի 40-օրեայ շրջանը սկսելէ առաջ։ Հայ ժողովուրդը սովորութիւն ունէր ժամանակին մեծ տօն կատարել Բարեկենդանի օրը, մինչեւ ուշ գիշեր, տրուած ըլլալով որ յաջորդ օրը պիտի սկսէին մահացուցման եւ զրկումի օրերը։

Յիսուսի խօսքերը մեզ կը հրաւիրեն ըլլալու չափաւոր ու վերապահ մեր արտաքին արտայայտութիւններուն մէջ, մանաւանդ ծոմի եւ պահքի շրջանին։ Եթէ մեր ծոմը կատարենք պարզապէս ցուցնելու համար թէ մենք օրինապահ ենք, կամ ժողովուրդէն գովասանք ստանալու համար, արդէն Տիրոջ աչքին` ան որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Նոյնիսկ աղօթքը նախընտրաբար ծածուկ ընելու է որպէսզի Աստուած որ կը տեսնէ ծածուկին մէջ, վարձատրէ մեզ յայտնապէս։

Քառասնորդաց շրջանին` կը կենան բոլոր սուրբերու տօները, բացի շաբաթ օրերէն. Սուրբ պատարագի ընթացքին` նախընտրաբար կը կարդացուին Յակոբ եւ Պետրոս Առաքեալներու Թուղթերը, գէթ սկզբնական շրջանին։ Իսկ աւետարանները ընդհանրապէս Պահքի եւ աղօթքի վերաբերեալ են, բոլոր աւետարանիչներէն առնուած։ Յաջորդող հինգ կիրակիները բնորոշուած են առակով մը կամ պատգամով մը։

Բարեկենդանը կանխող շաբաթ օրը, որ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին Հայրերուն նուիրուած է, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին` երբ կ՛երգցուի Կիրակի օրուան շարականը, Բանն որ ընդ Հօր յէութիւն, խորանի վարագոյրը կը փակուի եւ այդպէս փակ կը մնայ 40 օր շարունակ, մինչեւ Ծաղկազարդի նախօրեակը, որ է Ղազարու յարութեան տօնը, նշանակելու համար Ադամի եւ Եւայի արտաքսումը դրախտէն։

Ըստ եկեղեցական օրէնքին, պէտք է ծոմ պահել միայն երկու օր. Մոխրոց երկուշաբթի օրը, որը այս տարի կ՛իյնայ 12 Փետրուարին  , եւ Աւագ ուրբաթ օրը, որ այս տարի կու գայ 30 Մարտին։ Այս երկու օրերուն հարկ է մսեղէն չուտել եւ նախորդ գիշերուընէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10-ը որեւէ կերակուր չուտել եւ հեղուկ ալ կարելի չէ խմել, բացի ջուրէն։ Մեր Եկեղեցւոյ մէջ ծոմի եւ պահքի պարտականութիւնը կը սկսի 14 տարեկանէն սկսեալ եւ կը դադրի 60 տարիքին։

Իսկ Պահքի օրերն են Քառասնորդաց շրջանի բոլոր ուրբաթ օրերը, բացի եթէ մեծ տօն մը հանդիպի այն օրը։ Պահք պահել կը նշանակէ մսեղէն չուտել բոլոր օրուան ընթացքին։ Ըստ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն` Պահքի ատեն կարելի է կաթնեղէն ուտել եւ խմել, ինչպէս նաեւ արտօնուած է ուտել ձկնեղէն եւ ծովային ուրիշ կենդանիներ։

Երկուշաբթի 12  Փետրուարին  ` կը կատարուի Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը, որով պատարագիչ վարդապետը, յետ օրհնելու նախապէս պատրաստուած մոխիրը (ըստ եկեղեցական աւանդութեան` մոխիրը կը պատրաստուի այն ձիթենիի ճիւղերէն որոնք Ծաղկազարդի օրը կը գործածուին հռչակելու համար Քրիստոսի գալուստը դէպի Տաճար. Անոնք կ՛այրուին եւ մոխիրի կը վերածուին)։ Ապա այդ օրհնուած մոխիրը կը դնէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի գլխուն վրայ, ըսելով. Յիշեա ով մարդ զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս. Այսինքն Յիշէ ով մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։ Այսպէսով քահանան կը յիշեցնէ մեզմէ ամէն մէկուն մեր վերջը, որ է մահը, որպէսզի անոր վրայ մտածելով` զղջանք մեր մեղքերուն վրայ, ապաշխարենք եւ բարիք գործենք։

Շաբաթ 17  Փետրուարին ՝ Քառասնորդաց  Զ. օրը տօնն է՝ Ս. Թէոդորոս Զինուորին

Կիրակի 18  Փետրուարը՝ Քառասնորդաց  Բ. Կիրակին է, յիշատակ Ադամի դրախտէն  արտաքսման։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.