2018-02-11 15:00:00

Հիւանդի համաշխարհային օր. Հիւանդները եւս ունին անձեռնմխելի արժանապատուութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 11 փետրուար 2018-ին կը նշուի Հիւանդի համաշխարհային 26-րդ օրը։ Օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ հիւանդները պէտք են յարգուիլ իրենց արժանապատուութեամբ։ 

«Հիւանդները միշտ սիրուած են իրենց դիւրաբեկութեան մէջ ու յարգուած իրենց անձեռնմխելի արժանապատուութեան համար» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Հիւանդի համաշխարհային  օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց այլ թուիթ մը  որուն մէջ ընդգծեց թէ մարդկային կեանքին ծառայելը ծառայութիւն է Աստուծոյ։

«Մարդկային կեանքին ծառայելը  ծառայութիւն է  Աստուծոյ եւ իւրաքանչիւր կեանքի՝ սկսեալ մայրական արգանդէն մինչեւ տարեցը՝ հիւանդ ու տառապող» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.