2018-02-11 10:12:00

Կիրակի 11 Փետրուար 2018 - Բարեկենդան


Ապաշխարանք, աղօթք, ներողամտութիւն (Մատթէոս 6, 1-21)

Ահա կը սկսինք վաղը Քառասնորդաց շրջանը, որ իր յատուկ նկարագիրը կը դրոշմէ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ։ Թէեւ այսօր դժբախտաբար քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը շատ թեթեւօրէն նկատի կ՚առնէ այս շրջանի յառաջ բերած տարբերութիւնը գործնականօրէն մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կամ թէ բոլորովին կ՚անտեսէ, շարունակելով իր կեանքը առաջուան պէս, սակայն տեղ տեղ կը տեսնենք թէ ինչպէս կարգ մը հաւատացեալներ լրջօրէն կը խորհին այս ժամանակաշրջանը սրբացնելու, գործնական որոշումներ առնելով ապաշխարանքի, աղօթքի եւ բարի գործերու ընթացման մէջ։

Մենք եւս կը փափաքինք որ մեր հայ հաւատացեալները քալեն այս ճամբէն եւ նկատեն քառասնորդաց շրջանը որպէս միջոց մը յառաջանալու հոգեւոր կեանքին մէջ, դէպի սրբութեան դիմելով։ Իր այս տարուայ պատգամին մէջ` ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կ՚այպանէ սրտերու ցրտութիւնը, որով քրիստոնեաները, փոխանակ աւելի ջերմանալու հոգեւոր կեանքի մէջ, երթալով գաղջ կ՚ըլլան եւ նոյնիսկ բոլորովին կը պաղին հոգեւոր այն կեանքէն որ մեր իսկական բնութեան մաս կը կազմէ։

Առաջին քայլը որով կը մտնենք քառասնորդաց շրջանին մէջ ապաշխարութիւնն է, որով մեր մարմնի կարգ մը անմեղ եւ թոյլատրուած ախորժակներէն կը զսպենք մենք մեզ, պարզապէս մեր հոգին կերակրելու եւ մեր կամքը զօրացնելու համար։ Արդեօ՞ք անպայման հրաժարելու ենք մսեղէն կերակուրներէն, գոհանալով միայն բանջարեղէնով շինուած կերակուրներով. կարծեմ այդ ժամանակը անցած է այլեւս եւ այսօր աւելի կը շեշտուի զոր օրինակ ինքզինք զրկելու գաղափարը մեր նախասիրած ուտեստեղէններէն, անուշեղէններէն, ծխախոտէն, եւայլն։ Սակայն միշտ ուշադիր ըլլալու ենք որ որքան կարելի է ծածուկ պահենք մեր առած որոշումները, եւ ոչ թէ հրապարակենք ամենուրեք, ինչպէս կը թելադրէ մեզի Յիսուս այսօրուան աւետարանին մէջ։

Երկրորդ քայլը աղօթքն է. Բացի ճշդապահ ըլլալէ մեր առօրեայ աղօթքներուն մէջ, հարկ է որ աւելի ժամանակ տրամադրենք աղօթքին, մանաւանդ ընտրելով ընդհանուր դիտաւորութիւններ, զոր օրինակ` մեղաւորներու դարձը, աշխարհի խաղաղութիւնը, ընտանիքներու մէջ համերաշխութիւնը, եւայլն։ Իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ, մենք մեզ պարտաւոր զգալու ենք ոչ միայն մենք մեր անձի ջերմացումով հոգեւոր կեանքի նկատմամբ, այլ նաեւ մեզ շրջապատող անձերու մօտեցումովը հոգեւոր կեանքին։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ այսօր Հայր մեր­ը որ սքանչելի աղօթք մըն է եւ կը կազմէ կորիզը մեր միացումին Աստուծոյ հետ, որ ամէն աղօթքի բուն նպատակն է։ Հայր մեր­ը աղօթելու ենք մտածելով եւ խորհրդածելով անոր ամէն մէկ նախադասութեան վրայ։ Ան մեքենաբար ըսուած աղօթք մը պէտք չէ ըլլայ, այլ լրջօրէն արտասանուած եւ մեր հոգւոյն խորքէն եկած խօսակցութիւն մը Աստուծոյ հետ. Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ կ՚ըսէ մեր հրեշտականման Նարեկացին։

Ի վերջոյ այս շրջանը ըլլալու է շնորհքի բացառիկ ժամանակ մը ամէն մէկ քրիստոնեայի համար, որով ան նախ պիտի հաշտուի ինքնիրեն հետ, ընդունելով իր վիճակը` որպէս Աստուծոյ կամքը, ապա` գիտնայ ներողամիտ ըլլալ իր բոլոր շուրջիններուն հետ ու խոնարհաբար ներողութիւն խնդրէ բոլոր այն անձերէն զոր կը կարծէ վշտացուցած ըլլալ իր կեանքի ընթացքին։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.