2018-02-11 10:56:00

Լուրտի Տիրամօր տօն, Հիւանդի համաշխարհային օր, Լատերանեան դաշինքի 89-րդ տարեդարձ։


(Ռատիօ Վատիկան) 11 Փետրուարին կը նշուի Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնը ու նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային 26-րդ օրը։ Օրը հաստատուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 13 մայիս 1992-ին հրապարակած մէկ նամակով մը որուն մէջ Սուրբ Քահանայապետը կը հաստատէր թէ այս օրը ''բոլոր հաւատացեալներուն համար կ՛ուզէ հանդիսանալ աղօթքի, բաժնեկցութեան զօրեղ պահ մը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարիքին համար ցաւերու նուիրումի պահ, ապա կոչ բոլորին` իրենց հիւանդ եղբօր դիմագիծին մէջ տեսնելու Քրիստոսի Սուրբ դիմագիծը''։

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Լատերանեան Դաշինքին  89-րդ  Տարեդարձը որով ծնունդ առաւ  ''Վատիկանի'' Պետութիւնը։ Լատերանեան դաշինքը Եկեղեցւոյ եւ իտալական պետութեան միջեւ փոխ յարաբերութեանց դաշինքն է, որ ստորագրուեցաւ 11 փետրուար 1929-ին, եւ որով վերջ գտաւ ''Հռոմէական հարց'' կոչուած կնճռոտ խնդիրը եւ վերջ տրուեցաւ նաեւ՝ եկեղեցւոյ ու իտալական պետութեան միջեւ 1870-էն ի վեր տիրող լարուածութեան։

Բացի ասկէ այսօր կը նշուի նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընձեռնած հրաժարականի պատմական քայլը։

Հիւանդներու Համաշխարհային 26-րդ օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց պատգամ մը որ լոյս տեսաւ անցեալ 11 դեկտեմբեր 2017-ին եւ որուն բնաբանը քաղուած է Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Յով. 19, 26-27) «Եկեղեցւոյ Մայր. «Ով կին ահա քու որդիդ… Ահա քու մայրդ։ Այն ժամանակէն, աշակերտը զինք իր քովն առաւ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.