2018-02-10 10:00:00

Գերապայծառ Ալֆրետ Խուերէպի հարցազրոյցը Բենեդիկտոս ԺԶ Պապին հրաժարականի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) 2013ի փետրուար ամսոյն, վաստակաւոր Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. ներկայացուց իր հրաժարականը։ Հինգ տարիներ անց, Բենեդիկտոս Պապի երբեմնի քարտուղար, Ալֆրետ Խուերէպ հարցազրոյց մը տուած է Vatican Newsին։ 2013ի փետրուարի 11ին Բենեդիկտոս ԺԶ. իր հրաժարակի յայտարարութիւնը կատարած էր կարդինալներու ներկայութեան։ Ալֆրետ Խուէրէպ, ծագումով Մալթայէն, վարած էր Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի անհատական քարտուղարի պաշտօնը։

Գերապայծառ Խուէրէպ, ըսած է «2013 տարւոյն փետրուար 5ն էր, երբ Բենեդիկտոս Քահանայապետ զիս կանչեց։ Խնդրեց որ նստիմ, ապա ինծի տեղեկացուց իր որոշումը՝ թէ կʼուզէ հրաժարիլ։ Ես ինքնաբերաբար մտածեցի անոր հարցնել՝ թէ ինչու՞ անգամ մը եւս չի մտածեր։ Սակայն ետ կեցայ, որովհետեւ համոզուած էի, որ ան երկար աղօթած էր»։ Գերապայծառ Խուերեպ կը յիշէ, թէ Բենեդիկտոս Պապ «ամէն անգամ որ իր անհատական մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէր, երկար ժամանակ աղօթքով կʼանցընէր աւանդատան մէջ։ Ամէն անգամ կը մտածէի, թէ ան շատ կարեւոր բանի մը համար կʼաղօթէր։ Եւ երբ ինծի յայտնեց իր որոշումը, անմիջապէս մտածեցի – ուրեմն այդ էր իր աղօթքի դիտաւորութիւնը։» Երբ փետրուար 11ին Բենեդիկտոս Պապ կը յայտարարէր իր հրաժարականը, Գերապայծառ Խուէրէպ կը յիշէ, թէ ինչպէս ամբողջ օրը լացած էր։ Նոյն օրը, ճաշի ժամուն, Բենեդիկտոս Պապ կը նկատէր Գերպ. Խուէրէպի արցունքները. երբ քարտուղարը հարց կու տայ Բենեդիկտոսի, թէ «Սրբազան Հայր, Դուք արդեօք անխռո՞վ էիք» յայտարարութիւնը կատարելու ժամանակ, Պապը կը պատասխանէր վճռական «այո»ով։ Երբեմնի քարտուղարը կը յիշէ՝ «Ան անխռով էր, որովհետեւ ապահով էր, որ այդ որոշումի մասին լաւ մտածած էր։ Ան խաղաղութեան մէջ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն կատարած էր այդ որոշումը։»

Անհատական քարտուղարին, Գերպ. Խուէրէպի համար հրաժեշտը զգայացունց պահ մը եղած էր։ Բենեդիկտոս Պապ շատ անգամ անոր ըսած էր, թէ ան պիտի ծառայէ նոր քահանայպետին։ Այս հարցով, Գերպ. Խուէրէպի լուր կը հասնի Վատիկանի Պետական Քարտուղարութենէն, թէ պէտք է անմիջապէս լքէ Քասթել Կանտոլոֆօ ամառանոցը, ուր Վաստակաւոր Պապը կը մնար, եւ պէտք է սկսի ծառայել Ֆրանչիսկոս Պապի՝ իբր քարտուղար։ Գերապայծառը չի կրնար զսպել իր արտասուքը, երբ Բենեդիկտոս Պապ անոր կը հաղորդէ այս լուրը։ Հրաժեշտի ժամանակ, Բենեդիկտոս Պապ կʼօրհնէ իր քարտուղարը։

Գերպ. Խուէրէպ վերջին անգամ հանդիպած է Բենեդիկտոս Պապին 2017ի հոկտեմբերի 14ին, իր տարեդարձին առիթով։ Ան ըսած է, թէ Բենեդիկտոս Պապ «գտայ լաւ վիճակի մէջ։ Ան լաւ յիշողութիւն ունի եւ ինծի շատ մը հարցումներ ուղղեց։»

Գերպ Խուէրէպ ներկայիս Վատիկանեան Տնտեսական Քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղարն է։ Իբր երկրորդ անհատական քարտուղար ծառայած է Բենեդիկտոս Պապի 2007 թուականէն սկսեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.