2018-02-10 10:21:00

87-ամեայ արկենթինացի Էսթէլա տէ Քարլոթթօ, ունկնդրութիւն ունեցած է Ֆրանչիսկոս Պապի մօտ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 9 փետրուարին, «Մայիսի Հրապարակի Մեծ Մայրիկներ» շարժումի նախագահուհի, քաղաքացիական իրաւապաշտպան, 87-ամեայ արկենթինացի Էսթէլա տէ Քարլոթթօ, ունկնդրութիւն ունեցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի մօտ։ Էսթէլայի ընկերացած է իր երիցագոյն դուստրը, Քլաուտիա, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի մայրապետ՝ քոյր Ժընեւիէւ Ժաննինկրո, Արկենդինայի զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ սպանուած մայրապետ քոյր Լէոնի Տիւքիէի եղբօր աղջիկը։ Քարլոթթո ըսած է թէ հանդիպումը կայացած է ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Նախապէս ան նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապէն օժանդակութիւն խնդրած էր բռնատիրութեան շրջանի մկրտութիւններու դիւանի մը պատրաստութեան համար, անհետացած մանուկներու ճակատագիրը բացայայտելու նպատակով։ Արկենդինայի Եկեղեցին վերջերս պատրաստակամ գտնուած էր, բանալու այդ շրջանի դիւանը, սակայն միշտ կատարուած յետաձգումներ։
Քարլոթթոյի համար այս երկրորդ հանդիպումն էր Սրբազան Պապին հետ։ «Մայիսի Հրապարակի Մեծ Մայրիկներ»ը կը փորձեն բացայայտել Արկենդինայի զինուորական բռնատիրութեան շրջանի (1976-1983) բռնութիւնները։ Այդ ժամանակ վարչակարգի հակառակորդներու առնուազն 500 մանուկներ ծնած են բանտերու եւ խոշտանգումի կայաններու մէջ։ Ծնունդէն ետք մանուկները բաժնուած են իրենց ծնողներէն եւ յանձնուած են որդեգրութեան։ Որպէսզի կարելի ըլլայ անհետացած մանուկները գտնել, այլ փաստաթուղթերու կարգին կարեւոր են եկեղեցական դիւանները, ուր արձանագրուած են մկրտութիւնները։
Էսթէլա տէ Քարլոթթօ 2003 թուականին արժանացած է ՄԱԿի մարդկային իրաւանց մրցանակին։ 2014ին ան վերագտած է իր թոռը, որ ծնած էր անոր աղջկան սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.