2018-02-09 10:28:00

Եւրոմիութիւնն ու Իրանը խիստ մտահոգ են Աֆրինի ռազմական գործողութեամբ


ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Թուրքիոյ կոչ ուղղած է դադրեցնելու Աֆրինի մէջ կատարուող թրքական բանակի գործողութիւնները եւ յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Ըստ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան՝ Ռոհանի ըսած է, որ Իրան նաեւ կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ տարածքին վրայ ամերիկացի զինուորներու ներկայութեան: Ան յայտնած է, որ վերջերս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ անոնք նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են՝ մօտիկ ապագային Սուրիոյ հարցով Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա հանդիպում մը կատարելու շուրջ:

Նշենք, որ Քրեմլին չբացառեց Սուրիոյ թղթածրարի քննարկման համար Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան մօտալուտ վեհաժողով մը:Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոխորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Եւրոմիութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ շղթայազերծած զինուորական գործողութեամբ:

«Մենք խորապէս մտահոգ ենք Սուրիոյ հիւսիսը նոր ռազմաճակատներ բացուելու կապակցութեամբ», ըսաւ Մոկերինի՝ աւելցնելով. «Նոր ռազմաճակատներու բացումը խնդիրի լուծում չէ՛ եւ ատիկա աւելի ապահով պիտի չդարձնէ Թուրքիան: Կայուն ապահովութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ միայն քաղաքական լուծման հիման վրայ՝ բանակցութիւններու ճամբով»:

Մոկերինի համոզում յայտնեց, որ «բոլոր զինուորական գործողութիւնները պէտք է կեդրոնանան միայն ՄԱԿի համապատասխան ցանկին մէջ առնուած ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին վրայ, ոչ թէ ուրիշ ոեւէ մէկուն դէմ»։ Անոր համաձայն՝ Եւրոմիութիւնը «յանձնառու է Սուրիոյ միութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան փորձեց արդարացնել Աֆրինի վրայ յարձակումը՝ զայն ներկայացնով իբրեւ «ահաբեկիչներ»ու դէմ գործողութիւն։ Ան յայտարարեց. «Օպամա մեզ խաբեց Մընպեճի հարցով, եւ ինչպէս կ՛երեւի՝ Թրամփն ալ բռնած է նոյն ճամբան», ակնարկելով ներկայիս քրտական հակակշռին տակ գտնուող հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքին, ուր կը գտնուին նաեւ ամերիկացի զինուորներ:

Նաեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ թրքական զինեալ ուժերուն ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին համար որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: «Մենք համամիտ ենք վարչակարգին հետ այդ հարցով։ Կը հաւատանք, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիան պառակտել ուզող ահաբեկչական ուժ մըն է», աւելցուց Չաւուշօղլու: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտեց, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն Աֆրինի մէջ իրենց գործողութիւնը, մինչեւ որ զայն ամբողջովին «մաքրեն» քիւրտ զինեալներէն:

Վերջապէս, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայէթի յայտարարեց. «Սուրիացի ժողովուրդը եւ «Հըզպալլա»ի նման անոր աջակիցները ամերիկացիները պիտի վտարեն Եփրատի արեւելեան ափէն։ Մեր քիւրտ բարեկամներուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Սուրիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները։ Սուրիոյ քիւրտերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յանձնառու է սուրիական հողերու ամբողջականութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.