2018-02-09 10:11:00

Երանելի Պօղոս Զ. քահանայապետի Սրբադասումը


Երեքշաբթի, 7 փետրուարին, Vatican Insider կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ սրբադասման դատի պաշտօնէութիւնը ճանչցած է երանելի Պօղոս Զ. քահանայապետի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը, որ տեղի ունեցած էր 2014 թուականին։ Այս որոշումով կատարուած է սրբադասումի կանոնական վերջին պայմանը։ Արդ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պէտք է վերջնական որոշում կայացնէ եւ սրբադասման թուական մը որոշէ։ 2018 տարւոյն երկրորդ կէսին, շատ մը տեղեր պիտի կատարուի Պօղոս Զ. քահանայապետի մահուան 40րդ տարելիցը։

Պօղոս Զ. քահանայապետ, աւազանի անունով՝ Ճովաննի Պատթթիսթա Մոնթինի, ծնած է 26 սեպտեմբեր 1897ին Պրեշայի մէջ։ Կարճ ժամանակ ծառայած է իբր ժողովրդապետ, ապա Սուրբ Աթոռի մօտ վարած է զանազան պաշտօններ։ Աչքառու է, որ ան Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի ժամանակ, պետական քարտուղարի հանգամանքով, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր հրեայ փախստականներ պահելու Վատիկանի մէջ։

21 յունիս 1963ին ընտրուած է քահանայապետ, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին։ Ան շարունակած է իր նախորդին սկսած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը։

Արդի ժամանակի առաջին քահանայապետը եղած է, որ կատարած է ճամբորդութիւն մը արտասահման։ 1964ին այցելած է Սուրբ Երկիր, եւ Պատրիարք Աթենակորասի հետ հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ հիմնաքարը դրած է նոր համամիութենականութեան։ Տարի մը վերջ ուղերձ մը տուած է ՄԱԿի մէջ, որ նկատուած է «դարու ճառը», ուր ան կատարած էր վառ կոչը՝ «ոչ երբէք պատերազմ»։ Մեծ ջանք թափած է համամիութենականութեան, արդարութեան, խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ հաղորդամիջոցներու նկատմամբ։ Սկիզբ դրած է Եկեղեցւոյ օրինագրքի նոր մշակումին, որ իր աւարտին հասած է 1983 թուականին։

Մասնաւոր ակնածանք վայելած է իր խաղաղութեան եւ ընկերային խնդիրներու նուիրուած շրջաբերականներուն համար։

1978ի յուլիսին, Պօղոս Զ. սրտի կաթուած կʼանցընէ, որուն հետեւանքով կը մահանայ 6 օգոստոս 1987ին։ Երանելի կը հռչակուի 19 հոկտեմբեր 2014ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.