2018-02-09 15:56:00

2017ին աւելի քան 9 միլիոն ուխտաւորներ այցելած են Ֆաթիմա


2017 թուականին, Աստուածածնի երեւումներուն 100րդ տարեդարձին, Փորթուկալի Ֆաթիմայի ուխտավայրը այցելած են 9,4 միլիոն հաւատացեալներ, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ecclesia» կաթողիկէ մամլոյ գրասենեակը։ Յոբելինական տարւոյն գագաթնակէտը հանդիսացաւ մայիսի 13ին, Ֆրանչիսկոս Պապի կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ երկու տեսողներու, Ֆրանցիսքօ Մարթոյի (1908-1919) եւ Եացինթա Մարթոյի (1910-1920) սրբադասումը։

Ուխտաւորներու մեծամասնութիւնը կու գար Սպանիայէն, Իտալիայէն, Լեհաստանէն եւ Միացեալ նահանգներէն։ Ասիական երկիրներու 31.500 ուխտաւորները եկած են Վիեթնամէն, Ֆիլիփփեան կղզիներէն, Հարաւային Քորէայէն եւ Չինաստանէն։ Վերջին տաս տարիներուն 72 միլիոն հաւատացեալներ այցելած են Ֆաթիմայի ուխտավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.