2018-02-08 09:47:00

Մալէզիայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 փետրուար 2018-ին, Մալէզիայի, Սինկափուրի եւ Պրունէյի եպիսկոպոսները որոնք կը կազմեն մէկ համահաւաք դաս, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարելիք իրենց հնգամեայ կանոնական այցի առիթով ժամանեցին Հռոմ ու հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Վերոնշեալ երեք երկիրներուն մէջ քրիստոնեաները կը կազմեն փոքրամասնութիւն։ Արդարեւ Մալէզիայի բնակչութեան 60 առ հարիւրը իսլամ են, 20 առ հարիւրը Պուտիսթ ու միայն 9 առ հարիւրը քրիստոնեայ՝ որոնց 3.7 առ հարիւրը կաթողիկէ են, ապա կան 6 առ հարիւրի Ինտուիստներ ու Չինական ժողովրդական կրօնի հաւատացողներ։

Պրունէյի մէջ եւս բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 70 առ հարիւրը, իսլամ է, 9 առ հարիւրը Պուտիսթ եւ 8 առ հարիւրը քրիստոնեայ՝ որոնցմէ 4.3 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Իսկ Սինկափուրի մէջ Պուտտիսթ կրօնի հետեւորները կը կազմեն մեծամասնութիւն՝ 30 առ հարիւրով, անոնց կը յաջրդեն քրիստոնեաները 18 առ հարիւրով՝ որուն 2.8 առ հարիւրը կաթողիկէ են ապա կան տեղական կրօնի հաւատացեալներ։

Մալէզիայի, Սինկափուրի եւ Պրունէյի մէջ եկեղեցին ունի 4 աւագ թեմ, մէկ առաքելական փոխանորդութիւն, ապա այլ 6 թեմեր։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահն է Փենանկի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Սեպասթեան Ֆրանսիս։

Տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Փորթուկալցի միսիոնարներու քարոզութեամբ 1557-ին։ Այսօր սակայն քրիստոնեաները, որոնք ինչպէս նշեցինք փոքրամասնութիւն կը կազմեն, կ՛ապրին կղզիացած վիճակի մէջ ու յաճախ հարստահարուած են տեղացի բնիկ ժողովուրդէն։ Թէեւ կան  դրական նշաններ տրուած ըլլալով որ 2010 թուականին, քրիստոնեաներու թիւը աճ արձանագրեց, մինչ 2011-ի Յուլիս 27-ին, Սուրբ Աթոռը եւ Մալէզիան  կնքեցին իրենց դիւանագիտական կապերու հաստատման համաձայնագիրը։

Պրունէի մէջ կաթողիկէ առաջին դպրոցը կառուցուած է 1929-ին ու 26 նոյեմբեր 1990-ին Հայր Քորնելիոս Սիմ կը դառնայ բնիկ Պրունէցի առաջին քահանան. Պրունէի թեմը ունի Առաքելական Փոխանորդութեան կարգավիճակ։ Այստեղ եւս քրիստոնեաներուն կրօնական ազատութիւնը կը մնայ բաւականին սահմանափակ։

Սինկափուրի պարագային  Սուրբ Աթոռի հետ  դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը հաստատուին վաղուց՝ 1981-ի 24 յունիսին եւ 1986-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ երկրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.