2018-02-08 11:00:00

Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան «#OrdinaryHeroes» բարեգործական ձեռնարկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, փետրուար 8ին, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Վատիկանի Տեսաժապաւէններու սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ծիրէն ներս  ներկայացուեցաւ #OrdinaryHeroes բարեգործական նախաձեռնութիւնը, զոր կը հովանաւորէ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Գրասենեակը եւ յատկացուած է «Ս. Պետրոսի Լումայ» նպաստին։

Ծրագիրի մասին արտայայտուելով, Վատիկանի Պետական Քարտուղարի՝ Կարդինալ Փարոլինի փոխանորդը, Գերապայծառ Անճելօ Պեչչու, Vatican Newsին յայտնեց, թէ «Կարելի է աշխարհ փոխել, եւ փոխելու համար հարկաւոր չեն վիթխարի գործեր կամ հնարամիտ արարքներ։ Կարիքը կայ այն պարզութեան, որ կը գտնենք փոքր արտայայտութիւններու եւ արարքներու մէջ, որոնք իւրաքանչիւրը կրնայ կատարել իր առօրեայէն ներս։»

Գերապայծառը, նկատեց է, թէ ներկայ ժամանակի մէջ յիշեալ նախաձեռնութիւնը «յեղափոխական» բան մը ունի։ Ամէն օր մարդիկ զանազան խնդիրներու մէջ կը գտնուին, կ՛ապրին շտապ ընթացքի մը մէջ եւ կը միտին զոհել ուրիշներուն հանդէպ ունեցած իրենց ուշադրութիւնը։ Քիչ բան բաւարար է ետդարձ կատարելու այս ընթացքէն։ Ասոր համար օգտակար են հաղորդակցութեան միջոցները, ընկերային նոր ցանցերը՝ այն չափով, որ անոնք գործածուին նպաստելու խաղաղութեան լրագրութեան մը, ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Միջազգային 52րդ Օրուան առիթով։

Նախաձեռնութեան ներկայացումին ելոյթ ունեցան Գերապայծառ Պեչչու եւ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան Կառավարիչը Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ նաեւ Մաուրօ Փալլոթթան, որ հեղինակն է Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացնող նշանաւոր որմանկարներուն։ Նախաձեռնութիւնը արդարեւ հիմնուած է Մաուրօ Փալլոթթայի Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացնող որմանկարի վրայ, որ  գծագրուած է շապիկի մը վրայ եւ որ կը կռէ նաեւ յայտնի անձնաւորութեան մը ստորագրութիւնը։ Այս տարուայ անձնաւորութիւնն է ոտնագունդի յարգուած մարզիկ Ֆրանչեսքօ Թոթթին որ միշտ զգայնութիւն ցուցաբերած է բարեգործական նախաձեռնութիւններու հանդէպ։ 

Նախաձեռնութիւնը որ պիտի ըլլայ շարունակական կը պահանջէ որ ամէն նշանաւոր անձնաւորութիւն նշանակէ նաեւ իր մէկ յաջորդը ու Թոթթին որպէս իրեն յաջորդ նշանակեց Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնան։ 

Այս ուղղութեամբ օգտակար է աչքառու անձնաւորութիւններու մասնակցութիւնը, որոնք առիթն ունին օգտուելու իրենց ժողովրդականութենէն, ժողովուրդին մատուցանելու դրական եւ շօշափելի օրինակ մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.