2018-02-08 08:30:00

Հռոմի, Մոսուլի եւ Հալէպի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 փետրուարին, Հռոմի, Մոսուլի եւ Հալէպի մէջ երեք նշանաւոր յուշարձաններ միաժամանակ պիտի լուսաւորուին կարմիր գոյնով, յիշատակելու համար քրիստոնեայ մարտիրոսները, որոնք կը հալածուին աշխարհի զանազան կողմերը, եւ խթանելու հաւատքի ազատութեան պաշտպանութիւնը։

Ձեռնարկը կը հովանաւորէ «Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ» քահանայապետական հիմնարկը։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ իտալական եւ եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Պիտի ներկայացուին հալածանքներու զոհերու տակաւ անծանօթ վկայութիւններ։

Նախորդ տարւոյն նոյեմբերի 22ին Լոնտոնի խորհրդարանը եւ Ուեսթմինսթըրի տաճարը, ինչպէս այլ տասնեակ մը եկեղեցիներ, տաճարներ եւ դպրոցներ գունաւորուած էին կարմիրով՝ «Կարմիր Չորեքշաբթի» կոչուած ձեռնարկի ծիրէն ներս։ Անցեալին Հռոմի «Թրեւի» աղբիւրը, Ռիօ տի Ժանեյրոյի Քրիստոս Փրկիչ արձանը, Փարիզի Սուրբ Սիրտ տաճարը եւ Մանիլայի մայր տաճարը նոյնպէս դրուած էին ծիրանեգոյն լոյսի տակ, կատարելու համար մարտիրոսներու յիշատակը։

Այս տարի կը շարունակուի միջազգային այս սովորութիւնը՝ մարդիկ զգայուն դարձնելու, նաեւ հրապարակային ձեռնարկներու միջոցաւ։

Ձեռնարկին Նպատակն է զօրակցութիւն արտայայտել հալածուած կրօնական փոքրամասնութիւններուն, միաժամանակ ուշադրութիւն կոչելով այս ողբերգական երեւոյթին վրայ։

Ձեռնարկի ծրագիրը  լուսաբանուեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ Իտալիոյ կենդրոնին մէջ, ուր ներկայ  էր նաեւ Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Սուրբ Երկրի Խնամապահութեան Փրանկիսկեան միաբանութեան անդամ եւ Հալէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ՝ Հայր Ֆիրաս Լութֆի, Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան Իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահը՝ Ալֆրետօ Մանթովանօ, եւ սոյն կազմակերպութեան տնօրէն՝ Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.