2018-02-07 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը Աւետարանն ու Քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 փետրուար 2018-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  գլխաւորեց հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն առթիւ շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին անդրադարձաւ սուրբ զոհի ընթացքին ընթերցուած Աւետարանին ու անոր յաջորդող քարոզին։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միջեւ երկխօսութիւնը, որ կը զարգանայ պատարագի «Խօսքի ծիսակատարութեան» մէջ՝ իր գագաթնակէտին կը հասնի Աւետարանի ընթերցումով։

Աւետարանը՝ նման Քրիստոսի խորհուրդներուն, լոյսն է որ թոյլ կու տայ հասկնալ Աստուածաշունչի գրութիւնները։  «Այդ գրութիւններուն ու պատարագին կեդրոնը կը կազմէ արդարեւ Քրիստոսը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ասոր համար է որ Աւետարանի ընթերցումը կը կատարուի «օծուած - ձեռնադրուած» անձի մը կողմէ, որուն կ՛ընկերանան որոշ նշաններ որոնք կը բացայայտեն Քրիստոսի ներկայութիւնը ու այդ ներկայութեան ճանաչումը։

Աւետարանը հռչակուած է որպէսզի իրազեկ դառնանք այն բաներուն զոր Յիսուս ըսաւ եւ ըրաւ ու կը շարունակէ այսօր եւս ըսել ու գործել մեզի համար - յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ «իր պատգամը փոխանցելու համար Քրիստոս կ՛օգտագործէ Քահանային քարոզի ընթացքին արտասանած խօսքերը, ու այս կը հանդիսանայ «Տիրոջ ու իր ժողովուրդին միջեւ երկխօսութեան վերականգնումը» որպէսի Տիրոջ Խօսքը ներթափանցէ մեր սրտերուն մէջ ու կարողանայ դառնալ ներգործութիւն։

Այս մէկը ծառայութիւնն է զոր քարոզիչը կը մատուցէ բոլոր անոնց որոնք պատարագին  կը մասնակցին - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ «հաւատացեալները որոնք այդ խօսքերը կ՛ունկնդրեն պէտք են պատշաճ կերպով պատրաստուին զանոնք ընդունելու ներքնապէս ապա դրսեւորելու են  հասարակութեան սպասումները որպէսի քահանան լաւապէս կատարէ իր առաքելութիւնը»։

Սուրբ Գրային ընթերցումներուն ծանօթ ըլլալը մեծապէս կը նպաստէ Պատարագի մասնակցութեան - հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «այն որ սովորաբար Աւետարանը չի կարդար, աւելի դժուարութեամբ կը հասկնայ պատարագի ընթացքին ընթերցուած գրութիւնները» ապա խօսքը եզրափակեց վերահաստատելով թէ Աւետարանի եւ քարոզի միջոցաւ Աստուած կը խօսի իր ժողովուրդին հետ որ երկիւղածութեամբ կ՛ունկնդրէ զանոնք ու անոնց մէջ կը ճանչնայ Աստուծոյ ներկայութիւնն ու անոր ներգործութիւնը։

«Եթէ ուրեմն ունակ ըլլանք ունկնդրելու «Բարի Աւետիսը», անորմով մենք դարձի կու գանք ու կը կերպարանափոխուինք ու կարող կ՛ըլլանք փոխելու մենք զմեզ եւ աշխարհը»  հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով թէ յառաջիկայ կիրակի՝ 11 փետրուարին, պիտի յիշատակուի Լուրտի Տիրամօր Տօնը, ու նոյն օրը կը նշուի նաեւ Հիւանդներու Համաշխարհային օրը։

«Սիրելի երիտասարդներ, նախանձախնդիր եղէք անոնց նկատմամբ որոնք տառապանքի մէջ են, սիրելի հիւանդներ դուք ձեզ աջակցուած զգացէք Եկեղեցւոյ աղօթքներով, եւ դուք սիրելի նորապսակներ սիրեցէք կեանքը՝ որ միշտ ալ սուրբ է, նոյնիսկ երբ յատկանշուած է հիւանդութեամբ եւ դիւրաբեկութիւններով յորդոր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.