2018-02-07 08:39:00

Սուրբ Վարդանանց Զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օր։


451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են: Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն ընդունելէն ի վեր՝ Հայ եկեղեցին սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ատոր վառ օրինակը Վարդանանց պատերազմն է: Պարսից զօրքերու դէմ մղուած պատերազմին հայ մարտիկներու կողքին էր Հայոց եկեղեցին՝ Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ: Մարտէն առաջ՝ հայ հոգեւորականները ո՛չ միայն կը քաջալերէին զօրքին մակաբայեցիներուն օրինակով, այլեւ մկրտութեան եւ սբ. Պատարագի խորհուրդով աւելի կ՝ամրապնդէին նուիրեալներու հաւատքն ու ոգին: «Եւ սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան, եւ եթէ զօրքի բազմութեան մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտեցին. Եւ առաւօտեան Սբ. հաղորդութիւն ընդունեցին»,- կը գրէ Եղիշէ պատմիչը՝ Վարդանանց պատերազմէն առաջ կատարուածին մասին:

Ըստ ter-hambardzum.net-ի՝ Վարդանանց տօնին՝ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի եւ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Սբ. Պատարագ պիտի մատուցուի:

Չորեքշաբթի 7 փետրուար 2018-ի երեկոյեան 8-ին, Լիբանանի Պուրճ Համմուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Վարդանանց Զօրավարաց տօնահանդէսը, նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի։

Տօնահանդէսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Սամուէլ Մկրտիչեան մինչ գեղարուեստական ներկայացումը կը կատարեն «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերը ու Համազգային «Տաւիղ» նուագախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.