2018-02-07 12:25:00

Պենտետիկոս ԺԶ Քահանայապետին նամակը «Քորիերէ Տէլլա Սերա» օրաթերթին։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատասխանելով «Քորիերէ Տէլլա Սերա»  օրաթերթի ընթերցողներուն որոնք կ՛ուզէին իմանալ անոր առողջապահական վիճակի մասին, 5 փետրուար թուակիր մէկ նամակի մը միջոցաւ խօսեցաւ դէպի «Երկնային Տուն իր ուխտագնացութեան մասին»։

Նամակին մէջ՝ ուղղուած թերթին թղթակից Տիար Մասսիմօ Ֆրանքոյին, վաստակաւոր քահանայապետը կը խօսի բազմաթիւ ընթերցողներուն իրեն պատճառած յուզումի մասին, որոնք, կը գրէ Ան, կը փափաքին իմանալ թէ ինչպէս կ՛ապրիմ կեանքի այս վերջին հանգրուանը։ Ես կրնամ միայն ըսել թէ ֆիզիկական ուժերուս դանդաղ սպառումի մէջ, ներքնապէս ուխտագնացութեան մէջ եմ դէպի Տուն։ Ինծի համար մեծ շնորհք է, այս ճանապարհորդութեան վերջին փուլի ընթացքին, որ յաճախ ալ յոգնեցուցիչ է,  շրջապատուած ըլլալ սիրով ու բարութեամբ որ կարող չէի երեւակայել։ Այս առընչութեամբ ընթերցողներուն այդ հարցումը կը նկատեմ որպէս աջակցութիւն իմ այս ճանապարհորդութեանս։ Ասոր համար ուրիշ բան չեմ կրնար ընել եթէ ոչ շնորհակալութիւն յայտնել ու բոլորին վստահեցնել իմ աղօթքներս»  կը գրէ հեզ խոնարհ ու մեծահոգի՝ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.