2018-02-07 09:37:00

Հարիսայի Փառատօն-2018-ը սկսաւ Մառնէուլի շրջանի Ախքէորփի գիւղէն


Վիրահայոց թեմը բարի աւանդոյթ դարձուցած է Բուն Բարեկենդանը նշելու Հարիսայի փառատօնով: Այս տարի նոյնպէս աւանդոյթը կը պահպանուի, բայց առաւել լայնածաւալ եւ բազմաբնոյթ:

Փետրուար 4-ին, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ լուսարարապետ Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի աջակցութեամբ, Մառնէուլի շրջանի Ախքէորփի հայաբնակ սահմանամերձ գիւղին մէջ սկսաւ Հարիսայի փառատօնը:

Դեռ նախորդ օրը, Մանուկ քահանան՝ երէցկինի, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան գործունեայ անդամ, Սուրբ Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի ուսուցչուհի Անի Զէյնալեանի հետ ուղեւորուեցաւ գիւղ:

Այստեղ, մինչեւ լուսաբաց, երէցկինի գլխաւորութեամբ, տեղի կանանց հետ միասին պատրաստեցին հարիսայ:

Գիւղին մէջ հաւաքուած էին տեղացիները՝ մեծէն փոքր: Նախատօնական իրարարանցում էր. կանայք կը խառնէին կրակի վրայ եփուող հարիսայով լի կաթսաները, տղամարդիկ կ ըհետեւէին կրակին, կողք-կողքի կը դասաւորէին սեղանները, իսկ տարեցները կը յիշէին մուսալեռցիներու հարիսայի մասին: Առաւօտեան 1861 թուականի կառոյց Սուրբ Աստուածածին մատուռին մէջ մոմեր վառելէ եւ աղօթք ընելէ ետք՝ ախքէորփեցիներուն միացան Թիֆլիսէն ժամանած «Շուշանիկ» միութեան անդամները եւ թեմի աշխատակիցները:

Դիմելով հաւաքուած հասարակութեան՝ Մանուկ քահանան քարոզի խօսք ըսաւ Բուն Բարեկենդանի օրուան խորհուրդին մասին, փոխանցեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդին օրհնութիւնը եւ շնորհաւորանքը հարիսայի տօնին առիթով:

Երեւոյթէն գոհ էին թիֆլիսէն ժամանած հիւրերը, վերաբերմունքէն ոգեւորուած էին տեղացիները՝ զգալով Վիրահայոց թեմի առաջնորդի մշտական ուշադրութիւնը գիւղին նկատմամբ եւ որոշումը հարիսայի տօնակատարութիւնը շուրջ 300 տարուան պատմութիւն ունեցող, Հայաստան-Վրաստանի սահմանին գտնուող, դժուարանցանելի ճանապարհով կեդրոնէն կտրուած այս գիւղէն սկսելուն մասին:

Հարիսայ ուղարկուեցաւ նաեւ տկարներուն եւ ծերերուն, Մանուկ քահանան քանի մը անկողնային հիւանդի այցելեց, հարիսայ հիւրասիրեց եւ բժշկութեան աղօթք կատարեց:

Հարիսայի փառատօնը թեմական ձեռնարկ է եւ մէկշաբաթեայ տեւողութեամբ, Փետրուար 4-10, նման ձեռնարկներ նախանշուած են Սամցխէ-Ջաւախքի, Քուէմօ Քարթլիի տարածաշրջաններուն ու Վրաստանի միւս հայաբնակ վայրերուն մէջ: Եզրափակիչը պիտի ըլլայ Բուն Բարեկենդանի օրը, Փետրուար 11-ին, Վիրահայոց թեմի բոլոր կեդրոններուն մէջ միաժամանակ իրականացուող փառատօնը:

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.