2018-02-07 09:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


«Անձը իր նմանը կը գտնէ»

Հոգեբանական իրավիճակի «ձգողութիւն» է անուանել այս կացութիւնը, որովհետեւ նախասիրութեան, նախընտրութեան, ճաշակի ու սիրոյ քաշողականութիւնը այնքան զօրաւոր ուժ է մարդուն համար, որ անպայման պիտի ձգտի իր տեսակին, ու ցանկայ հասնիլ անոր:
Կենդանական աշխարհը ամէնէն հեշտ օրինակն է, ցոյց տալու տեսակներու ձգողութիւնը, երբ տուեալ կենդանին իր տեսակի հակառակ սեռին նկատմամբ ունեցած սեռային բնազդը կ՛արտայայտէ, անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով:
Մարդու կեանքի պատկերները դիտած ժամանակ, «մէկը գտնել» բացատրութիւնը յաճախ կը տրուի, «կեանքի ընկեր գտնել» հասկացողութեան փոխարէն: Իսկ այդ գտնողները եւ գտնուածները ըստ հանրային կարծիքին՝ պէտք է համապատասխան ըլլան իրարու: Յաճախ կը հանդիպինք թէ ծիծաղելի զոյգերու ու նաև ներդաշնակ ամուսիններու, կամ՝ անհամեմատելի արտաքինով զոյգերու,և համաչափ ֆիզիքականով ամուսիններու:

Առաջիններու պարագային, եթէ այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը լուռ մնալ կը սորվեցնէ, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն ու ազատութիւնը, միւս կողմէ սակայն, երկրորդները ուսանելի գտնելով, կը թելադրէ հետեւիլ անոնց օրինակին: Երբեմն, սակայն, այս երկրորդներու պարագային այնքան իրարու յարմարութիւն կը տեսնեն մարդիկ, որ կը փորձեն բարձրաձայնել անոնց օրինակը, ու տարածուած ասոյթներով մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել իրարու չափազանց յարմարած զոյգին վրայ, ըսելով. «Կափարիչը գլտորուելով-գլտորուելով, իր սանը գտած է…»: Սա անշուշտ երգիծական արտայայտչաձեւ է, սակայն ունի նաեւ խորունկ իմաստ, թաքնուած այդ երգիծանքի ետին:
Ինչո՞ւ զարմանալ ՛՛գողին գողերու խումբի անդամակցութեան պարագային՛՛: Չէ որ անոնք նոյնանման շահեր կը հետապնդեն: Ուրեմն, ինչո՞ւ վշտանալ, կամ ուրիշի հաշուոյն տագնապիլ, երբ անոնք իրենց սեփական կեանքին վերաբերող արարքներ կը գործեն, ու անձնապէս պատասխանատու են այդ բոլորին համար: Իսկ անոնց ընտրած բարեկամները ինչո՞ւ պիտի վշտացնեն կամ մտահոգեն ուրիշները:
Սուրբը իր սրբութեան ճամբուն պէ՛տք է հրաւիրէ ուրիշները, ատիկա առաքելութիւն է սրբազան եւ աստուածատուր: Մինչ, ուրիշները վատ ուղղութեան հրաւիրողներու գործելաոճը գայթակղութիւն կը կոչուի, որ արդէն իսկ մեղք է, անմեղ հոգիներու գայթումին եւ փճացման յանցանքով:
Ուղղամիտ ու արդար մարդիկ վերոյիշեալ մարդոց կեանքը տեսնելով, կամ մինչեւ իսկ իրենց վրայ անոնց անարդար ոտնձգութիւնները զգալով, կը բարկանան այն անձերուն, որոնք վատ մարդոց հետ ընկերութիւն կ՛ընեն:
_ Ինչո՞ւ կը բարեկամանաս այդպիսի մարդոց հետ:
_ Ինչո՞ւ անոնց տունը կ՛երթաս:
_ Ինչո՞ւ բարեւեցիր այդ վատահամբաւ մարդուն:
_ Ինչո՞ւ այդ ամբարիշտին խաղի ընկերը կ՛ըլլաս:
_ Ինչո՞ւ ճաշի գացիր այդ անպարկեշտ մարդուն հետ:
Ահաւասիկ բողոքարկու արտայայտութիւններ, որոնցմով զինուած, մարդիկ կը կշտամբեն յատկապէս իրենց ծանօթները, ու յանցապարտ կը համարեն զանոնք: Հասկնալի է անշուշտ անոնց ներքին տագնապը ու մտահոգութիւնը: Անոնք չե՛ն ուզեր, որ իրենց հարազատը կամ նոյնիսկ պարզ ծանօթը վնասուի կամ տարուի այն ուղղութեամբ, որ զիրենք դէպի կործանում պիտի առաջնորդէ: Խորքին մէջ, նախազգուշութեան կոչեր են վերոյիշեալ արտայայտութիւնները, մեղադրանքներ ըլլալէ աւելի: Ուրիշ խօսքով, ենթական իր սիրած անձը պարսպապատելով, կ՛ուզէ վտանգէ զերծ պահել զայն, եւ ո՛չ թէ բոլորովին մեկուսացնել ու ընկերութեան կեանքէն անջատել ու հեռացնել:
Վերաբերուելու այս կերպը, սակայն, ուսումնասիրութեան կը կարօտի:
Պէտք չէ՛ տառապիլ մարդոց ազատ ընտրութեան ի տես: Մարդ անպայման հանգիստ ու խաղաղ ընկերակցութիւնը կը սիրէ: Մէկուն համար շատ խճողուած կամ անհանգիստ թուացող միջավայրը, ուրիշին համար հաճելի եւ ընկերային կրնայ ըլլալ, եւ՝ գնահատելի: Իւրաքանչիւր անձ իր ստացած կազմաւորման համապատասխան ընկերներ կը փնտռէ:

Մարդիկ իրենց նմանը կը փնտռեն: Անոր մէջ կը նային ու իրենց անձը կը տեսնեն, հայելիի մէջ զայն տեսածի նման: Հարազատութիւնը այլ տեղ այնքան ուժեղ չի՛ ներկայանար, ինչքան այս պարագային, որովհետեւ մարդիկ կը սիրեն նաեւ նոյնանալ իրենց նմանին հետ: Կ՛ըսեն, որ երկար տարիներ իրարու հետ ամուսնացած զոյգը, որ սիրով ու համերաշխութեամբ կիսած է իր կեանքը իրարու հետ, երթալով կը սկսի աւելի՛ իրարու նմանիլ ո՛չ միայն խառնուածքով, այլ նաեւ ֆիզիքապէս:
Դժուար է դաստիարակել կամ խորհուրդ տալ չափահաս անձի մը…

Օրինակ. երբ մէկը գետնէն ոսկիի կտոր գտնէ, անոր վրայ եղած կեղտէն զինք զգուշացնող բարեկամին շատ կարեւորութիւն չի՛ տար, այլ իր ձեռքը եղած ոսկիէն օգտուելու մասին միայն կը մտածէ: Նոյնպէս ալ, իր նմանը գտած մարդը, երբեք կարեւորութիւն չի՛ տար բարեսիրտ ընկերներու նախազգուշութիւններուն, ու զանոնք անկարեւոր արտայայտութիւններ համարելով, ընդհակառակը, խրատատուներուն հետ իր կապերը կը խզէ, աւելի ազատ ապրելու համար իր նմանին հետ:
Նոյնպէս  շա՜տ դժուարաւ ուղղութիւն կը տրուի պատանեկան տարիքի մէջ եղողներուն, հեռանալու չար ընկերներէ:  Արդ՝ պէտք է թողուլ, որ անձը իր նմանը գտնէ եւ հանգստանայ վերջնականապէս, հանգիստ թողելով մանաւանդ իր շրջապատը, ու ճշմարտելով «Նման զնման գտանէ» բարոյական հաստատումը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.