2018-02-07 08:04:00

Եւրոպայի Իսլամներու հետ երկխօսութեան 5-րդ հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) 7-9 փետրուար 2018-ին, Ալպանիայի Սքութարի քաղաքին մէջ նախատեսուած է եպիսկոպոսներու եւ Եւրոպայի իսլամներու հետ երկխօսութեան պատուիրակներու 5-րդ հանդիպումը, կազմակերպուած Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդի կողմէ, որպէս նիւթ ունենալով «Հաւատք ու հոգեւորականութիւն, քրիստոնեայ իսլամ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս»։

Վերոնշեալ հանդիպումին,  որուն առաջին փուլերը տեղի ունեցան 2009-ին Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ, 2011-ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ, 2013-ին Լոնտոնի մէջ եւ  2015-ին Զուիցերիոյ Սէն Մորիս քաղաքին մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի  մէկ ներկայացուցիչը։ Հանդիպումը առիթ է նաեւ քննարկելու իսլամներու հետ երկխօսութեան գործնըթացի իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.