2018-02-06 08:13:00

Սանդ Էճիտիոյի Հասարակութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 50 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 փետրուար 2018-ին կը յիշատակուի  Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադրութեան 50 ամեակը։ Հասարակութիւնը հիմնուած է 1968-ի փետրուարին, Տիար Անտրէա Ռիքքարտիի ու անոր բարեկամներու նախաձեռնութեամբ։

Սանդէճիտիոյի հասարակութիւնը կաթողիկէ ներշնչումով  աշխարհական շարժում մըն է,  նուիրուած աղօթքի ու Աւետարանի հռչակումին։ Հասարակութիւնը ճանչցուած է Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ  որպէս «հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւն» ու այսօր տարածուած է աւելի քան 70 երկիրներու մէջ- իր 60 հազարէ աւելի անդամներով։

Հասարակութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Հռոմի Թրասթեվերէ կոչուած թաղամասին մէջ գտնուող «Սանդ Էճիտիոյ» եկեղեցւոյ մէջ, ուր հասարակութեան անդամները յաճախակի կը համախմբուին, այնտեղ աղօթելու ու յառաջ տանելու իրենց հասարակական կեանքի նպատակները։

Սանդէճիտոյ հասարակութեան գործունէութեան մաս կը կազմէ, ի մէջ այլոց, աղքատներու խնամակալութիւնը, Ափրիկէի մանուկներուն ի նպաստ ծրագիրներ, խաղաղութեան խթանումը ու միջազգային գետնի վրայ բանակցութիւն վասն հաշտութեան ու խաղաղութեան։

Հասարակութեան հիմնադրութեան 50-րդ Յոբելեանին առթիւ, յառաջիկայ շաբաթ 10 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, երեկոյեան 5.30-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հասարակութեան անդամները անոնց բարեկամներն ու այլ պատուարժան հիւրեր։   








All the contents on this site are copyrighted ©.