2018-02-05 08:35:00

ՊԱԿ կ՛որոշէ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումին հարցով դիմել միջազգային Քրէական դատարանին


Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) յայտարարեց, որ որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող որոշումին հարցով դիմել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու Միջազգային քրէական դատարանին:

Նշենք, թէ կը նախատեսուի, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այս ամիս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ խօսք մը արտասանէ:

ՊԱԿ-ի գործադիր յանձնախումբը շաբաթ օր իր գումարած ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ որոշած է կազմել յանձնախումբ մը` գործադրելու համար Կեդրոնական խորհուրդի այն որոշումը, որուն հիմամբ Իսրայէլի ճանաչումը կը սառեցուի, մինչեւ որ ճանչնայ 1967-ի սահմաններով Պաղեստին պետութիւնը, ջնջէ Արեւելեան Երուսաղէմը կցելու որոշումը եւ դադրեցնէ բնակեցման քաղաքականութիւնը:

Գործադիր յանձնախումբը կառավարութենէն պահանջեց անմիջապէս ձեռնարկել Իսրայէլի հետ քաղաքական, վարչական, տնտեսական ու ապահովական մակարդակներու վրայ կապերը խզելու ծրագիրներու պատրաստութեան:

Յանձնախումբը նաեւ որոշեց Միջազգային քրէական դատարանէն պահանջել բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակեցման, ցեղային խտրականութեան ու ցեղային մաքրագործման հարցերուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել:

ՊԱԿ-ի գործադիր յանձնախումբը ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր քաղաքականութիւնը եւ պաղեստինեան կողմին հետ ցուցմունքներու լեզուով խօսելէ դադրելու:

Յանձնախումբը շեշտեց, որ կը մերժէ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ Երուսաղէմը այլեւս բանակցութեան սեղանին վրայ չէ, եւ թէ պաղեստինեան կողմին առջեւ կայ երկու ընտրանք` վերադառնալ բանակցութեան սեղան կամ ամերիկեան օժանդակութիւններէ զրկուիլ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.