2018-02-05 10:00:00

Իտալացի Քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոյի Տրապիզոնի մէջ սպանութեան 12րդ տարելիցը։


(Ռատիօ Վատիկան) 5 Փետրուար 2006ին  Թուրքիոյ սեւ ծովեան Տրապիզոն քաղաքի Սուրբ Մարիամի անուան նուիրուած Եկեղեցիին մէջ, աղօթքի ընթացքին սպաննուեցաւ Իտալացի Քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոն որուն մահուան 12րդ տարելիցը կը նշուի այսօր։

Հայր Անտրէա Սանթորօ ծնած էր Իտալիոյ Լաթինա նահանգին մէջ՝ 7 սեպտեմբեր 1945-ին։ 1958-ին մուտք կը գործէ Հռոմի փոքր նորընծայարան ապա աւարտելէ ետք փիլիսոփայական ու աստուածաբանակ համալսարանական ուսումները քահանայ կը ձեռնադրուի 18 հոկտեմբեր 1970-ին։

1980ին իր մեծաւորներէն կը խնդրէ շրջան մը անցնել Միջին Արեւելքի մէջ, նախ քան  Հռոմի արուարձաններուն մէջ իր ժողովրդապետի նոր պաշտօնը ստանձնելը։

11 Սեպտեմբեր 2000-ին ան կը մեկնի Թուրքիա, ուր կը հաստատէ իր առաքելութիւնը եւ այնտեղ է որ կը սպաննուի իր թուրք վարորդի ձեռքով։

Հայր Անտրէա մօտէն կը հետաքրքրուէր Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ երեք միաստուածեան կրօններու միջեւ կապերով։ Հայր Անտրէա կ՝ըսէր ''քրիստոնէական ինքնութիւնը հողամասային ինքնութիւն մը չէ եւ ոչ ալ պարզապէս մշակութային։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը աւետարանական ինքնութիւն մըն է»։

Հայր Սանթորյի գործունէութեան ու առաքելութեան մասին արտայայտուելով Գերապայծառ Փաոլօ Պիցցեթի յայտնած է  թէ ան մարգարէական ներշնչում ունեցած է որովհետեւ ցոյց տուած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ առօրեայ համակեցութեան հարկաւորութիւնը ուրիշները հասկնալու համար։ Հայր Անտրէան իր օրինակով կ՛օգներ զինաթափ ընել ''պատ - պատի դէմ'' տրամաբանութիւնը. ասոր համար անոր միսիոներական ու երկխօսութեան մարդու դիմագիծը այժմէական կը մնայ - ըսաւ Գերապայծառ  Պիցցեթի։








All the contents on this site are copyrighted ©.