2018-02-05 08:31:00

«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»՝ հալէպահայութեան


Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի յատուկ կարգադրութեամբ եւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախաձեռնութեամբ` տիար Հրայր Ճէպէճեանի միջոցաւ կարելի եղաւ ապահովել «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» (Տպուած` 2017) օրինակներ, որպէսզի ըստ յարմարութեան բաշխուի հայ նոր սերունդին:

Աստուածաշունչը հաւատքի սրբազան գիրքն է: Ան Աստուծոյ պատրաստած փրկութեան ծրագիրը կը յայտնէ եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ: Աստուածաշունչը իմաստութեան աղբիւրն է, որ մարդս կը լուսաւորէ` փրկութեան առաջնորդելու համար:

Վերջին տարիներուն նկատելի երեւոյթ է Աստուածաշունչի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնք բոլոր տարիքներուն համապատասխանող են: Հայերս ալ կը վայելենք հայատառ տպագրութիւնները. տպաւորիչ պատկերներ, ժամանակակից լեզու եւ հաղորդական ոճ ցոյց կու տան հրատարակութեանց մասնագիտական արժէքները: Այս տուեալները Աստուածաշունչը ժողովուրդին մօտեցնելու գործնական միջոցներ են:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, ժամը 1:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ` Քահանայ հայրերուն, ներկայութեամբ` Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան, խնամակալութեան, դաստիարակներուն, կրօնի դասատուներուն եւ աշակերտութեան տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» հրատարակութեան շնորհանդէսը եւ բաշխումը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Տէրունական» աղօթքով: Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան յանուն Կրօնական Ժողովի բարի գալուստի խօսք արտասանեց, դիտել տալով Աստուածաշունչին արժէքը, տեղն ու դերը մարդկային կեանքէն ներս. յիշեցնելով թէ Աստուածաշունչ կարդալով կեանքը կ՛իմաստաւորուի եւ կը հարստանայ: Քահանայ հայրը մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին խօսքը որ կ՛ըսէ. «Աստուածաշունչը անսխալ ուղեցոյց մըն է հաւատացեալին: Գերբնական խորհուրդներով լեցուն է բարոյախօսին, իր ուղիղ սկզբունքներով: Յաջողութեան բանալին է ձախորդութեան մէջ ընկղմողին եւ մխիթարութիւն է դժուարութեան մէջ գտնուողներուն»:

Աննա Սաղպազարեան իր տպաւորիչ ձայնով արտասանեց «Ոսկեծըղի Գեղեցկատիպ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք աշակերտները Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի ղեկավարութեամբ անոր երգեցողութիւնը կատարեցին, ինչպէս նաեւ «Որք Զարդարեցին» շարականը:

Եկեղեցին աղօթքի վայր ըլլալուն առընթեր, դարձած էր սուրբ դասարան մը, աշակերտները ամենայն երկիւղածութեամբ Աստուածաշունչի մասին տեղեկանալու վիճակի մէջ էին: Խորհրդաւոր եւ հոգեպարար մթնոլորտին ընդմէջէն ներկաները լրջութեամբ կը հետեւէին յայտագրին: Արազ Շառոյեան արտաբերեց Ս. Գրային համար մը, քաղուած (Բ. Տմ 3.16-17)-էն, որ կը խօսի Աստուածաշունչի խոր ազդեցութեան եւ ներգործող զօրութեան մասին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի եւ օրհնութեան խօսքը: Ան նախ փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ իր տուած բարիքներուն եւ առիթներուն համար: Ապա ըսաւ. «Աստուածաշունչը հաւատքով բանալու եւ կարդալու ենք, որպէսզի հոգիով եւ հաւատքով աճինք: Ձեզի համար պատրաստուած է Աստուածաշունչէն սեփական օրինակ, ուստի ուրախալի եւ օրհնաբեր է այս հանդիպումը: Հակառակ Սուրիական տագնապին տոկացինք եւ հաւաքական կամքով վերադարձանք Ճեմարան: Կ՛աղօթեմ եւ կը մաղթեմ բոլորիդ ուսումնական բարեյաջող ընթացք: Իմաստութիւնը սիրեցէ՛ք, կատարեալին ձգտեցէ՛ք եւ յարատեւ զարգացէ՛ք: Հարստացէ՛ք Տիրոջ խօսքով սիրելի աշակերտներ, դուք պիտի դառնաք պահապանները մեր հոգեւոր մշակոյթին, բարոյական արժէքներուն, լեզուին եւ հայրենիքին»: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կրօնական ժողովը` ձեռնարկը կազմակերպողները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուածաշունչի ընկերութեան, ի մասնաւորի տիար Ճէպէճեանին իր բարեացակամութեամբ մեզի տրամադրած ներկայ գեղեցիկ հրատարակութեան առիթով:

Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով հոգեպարար հանդիպումը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք իւրաքանչիւր ուսանող եւ պատասխանատու սրբազան հօր ձեռամբ ստացաւ նոր լոյս տեսած «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»:

Թող Տիրոջ խօսքը մուտք գործէ եւ ներգործէ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ «Մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, այլ` Աստուծոյ բոլոր խօսքերով» (Ղկ 4.4):

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան








All the contents on this site are copyrighted ©.