2018-02-04 12:15:00

«Ես ի՞նչ կարող եմ ընել խաղաղութեան համար» Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 փետրուար 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Կիրակնօրեայ  Հրեշտակ Տեառն Մաերմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ողջունելով հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները վերյիշեց՝ Իտալիոյ Վիճեվանօ քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած  երիտասարդ Թերեզիօ Օլիվելլին, որ սպաննուած էր իր քրիստոնէական հաւատքին համար Հերսպրուկի համակեդրոնացման վայրին մէջ։ «Անոր հերոսական զոհաբերումը ըլլայ սերմ յոյսի եւ եղբայրութեան, յատկապէս երիտասարդներուն համար» ըսաւ Քահանայապետը  ապա նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի «Կեանքի ի նպաստ Օրը» որուն այս տարուայ բնաբանն է «Կեանքի Աւետարանը՝ ուրախութիւն աշխարհի համար»։ Ֆրանչիսկոս Պապ միանալով իտալացի եպիսկոպոսներու պատգամին իր գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց եկեղեցական կառոյցներու ու «Վասն Կեանքի» շարժումներուն,  կեանքի ի նպաստ անոնց յանձնառումին համար։  Քահանայապետը ապա նկատել տուաւ թէ քիչեր են սակայն անոնք որոնք կը պայքարին կեանքի համար ու հրաւիրեց աղօթել որպէսզի «մեր ժողովուրդը աւելի իրազեկ դառնայ կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս պայքարին, ժամանակահատուածի մը ընթացքին որ յատկանշուած է աւերումով եւ մարդկութեան վատնումով»։

Սրբազան Քահանայապետը ապ ուզեց յատուկէն զօրակցութիւն արտայայտել Մատակասքարի բնակչութեան, որ թիրախ դարձած է  ոլորապտոյտ ահաւոր մրրիկի մը որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ։ «Տէրը թող թիկունք կանգնի ու մխիթարէ զանոնք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն, ի տես աշխարհի զանազան վայերուն մէջ հակամարտութիւններու շարունակականութեան, հրաւիրելով կաթողիկէ աշխարհը յառաջիկայ 23 Փետրուարին նշելու աղօթքի ու ծոմապահութեան օր մը, ու այդ մէկը յատկապէս նուիրելու  Քոնկոյի հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի բնակչութեան։

«Այլ  առիթներու նման կը հրաւիրեմ նաեւ ոչ կաթողիկէ եւ ոչ քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը միանալու այս ձեռնարկին, ամէն մին իր պատշաճ համարած ձեւով» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «Մեր Երկնային Հայրը, միշտ մտիկ կ՛ընէ իր զաւակներուն որոնք անոր կ՛աղերսեն ցաւի ու անձկութեան պահերուն, ու Ան կը բուժէ սրտերը ու կը խնամէ վէրքերը։

Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի մենք եւս մտիկ ընենք այդ ճիչերուն եւ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ առջեւ իր խղճի համաձայն հարց տայ «Ի՞նչ կարող եմ ընել ես խաղաղութեան համար», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «անպայման մենք կարող ենք աղօթել, սակայն ոչ միայն այս, այլեւ ամէն մին կարող է բացայայտօրէն «ոչ» ըսել բռնութեան, որովհետեւ բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակները կեղծ են, մինչ խաղաղութեան համար աշխատիլը բոլորիս բարիք կը բերէ» ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց տարբեր վայրերէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.