2018-02-03 11:54:00

Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Թերեզիօ Օլիվելլին


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ին,  Իտալիոյ Վիճեվանօ քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, սուրբ պատարագի ընթացքին, երանելի հռչակեց Քրիստոսի հաւատարիմ ծառայ, աշխարհական հաւատացեալ  Թերեզիօ Օլիվելլին ։

Ան ծնած է Իտալիոյ Քոմօ մարզի Պելլաճօ քաղաքին մէջ: 10 տարեկանին իր ուսումները շարունակելու համար  կը տեղափոխուի Վիճեւանօ  քաղաք,  ապա  Փաւիա քաղաքին մէջ կ՝աւարտէ  համալսարանական ուսումները: 

1941-ին,  Թերեզիօ Օլիվելլի կը  զինուորագրուի  Իտալական ալպեան լեռներու զինուորագունդին ապա  Ռուսական ճակատամարտին   ընթացքին՝ ինքզինք ամբողջութեամբ կը նուիրէ  մահամերձներու հոգեւոր խնամակալութեան,  որմէ ետք  Իտալիա վերադարձին վերջնականօրէն դիրք կը բռնէ  Ֆաշական վարչակարգին դէմ եւ  ասոր պատճառաւ կը հալածուի ու  կը բանտարկուի  Հէրսպուրկ քաղաքին մէջ՝ ուր խնամք կը տանի  բանտարկեալներուն, ու այդ բանտարկեալներու շարքին 2013-ին  Երանելի հռչակուած Օտուարտօ Ֆոշերինիի:  

17 յունուար 1945-ին, Աստուծոյ ծառայ Օլիվիերօ  իր մահկանացուն կը կնքէ,  Ուքրանացի երիտասարդ բանտարկեալի մը  ծեծկռտուքէ ազատելու ժամանակ։ Անոր երանացման դատը կը սկսի Վիճեվանօ թեմին մէջ եւ 16 յունիս 2017-ին ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն կը շնորհէ  հրապարակելու Թերեզիօ Օլիվելլի մարտիրոսութեան հայող սուրբերու դատի ժողովի հրամանագիրը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.