2018-02-03 10:32:00

3 Փետրուարին Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը – Հռոմի Սուրբ Վլաս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3  Փետրուարին` կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնը։ Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը Հռոմաբնակ ժողովրդին համար  յատուկ աւանդութիւն է։ Անոնք այդ օր կը խուժեն Հռոմի Սուրբ Վլաս անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցի` ուր օրուան ընթացքին կը մատուցին պատարագներ, կը բաշխուի օրհնուած հաց ու տեղի կ՛ունենայ կոկորդի օրհնութիւն։

Սուրբ Վլաս Հայրապետ եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։ Ան իր փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան ուսումնասիրութիւնը կը դնէ ի սպաս  քրիստոնէական դատին։ Վլաս ուզեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ բարեպաշտական կեանքի, եւ երբ մտադիր էր առանձնական ճգնողութեան նուիրուելու, Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը կը վախճանի եւ ժողովուրդը Վլասը կ՛ընտրեն որպէս անոր յաջորդը։
Սուրբ Վլաս իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէր ու կը դաստիարակէր որքան իր խօսքով նոյնքան եւ աւելի իր բարի օրինակով։ Հալածանքներու սաստկութեան միջոցին Վլաս  հաւատացեալներուն յանձնարարեց որ  քաշուին լեռները։ Նոյնը ըրաւ նաեւ ինք, քաշուելով Արգէոս Լեռը (Էրճիաս տաղը) ուր սակայն հալածիչ կուսակալի զինուորները զինք կը գտնեն եւ քաղաք կը բերին։
Հազիւ Սեբաստիա մտած էր երբ ''մայր մը'' լալահառաչ կ՛իյնայ անոր ոտքերուն, խնդրելով իր նոր մեռած զաւկին վերակենդանութիւնը։ Գթալով մօր արցունքներուն, սուրբը ներկաներուն առջեւ աչքերը վեր կը բարձրացնէ եւ կ՛ աղօթէ. ''Լսէ՝ Հայր գթութեանց եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեանց, ծառայիդ աղօթքին եւ վերադարձուր այս մանկան կեանքը, որպէսզի ամէնքը ճանչնան թէ դուն ես կեանքի եւ մահուան Տէրը՝՝։
Հազիւ աղօթքը կը վերջացնէ, մանուկը կը վերակենդանանայ իր մօր գրկին մէջ։ Մանուկը մահացած էր` կոկորդը ձկան փուշ մը խրած ըլլալուն համար։ Ասոր համար է որ բազմաթիւ հաւատացեալներ կը հայցեն Սուրբին բարեխօսութիւնը  կոկորդի հիւանդութեանց համար։

Սեբաստիա ժամանելէն ետք` Կուսակալը կը հրամայէ սուրբին որ զոհէ ''Անմահ աստուածներուն''։
-Անմահ աստուաներո՞ւն, կը բացագանչէ սուրբը. Ի՞նչ անուն է որ կու տաք դուք դեւերուն, որոնք ձեզի վնաս հասցնելէ զատ ոչինչ կրնան ընել։ Գիտցէք որ ''մէկ Անմահ Աստուած կայ, Ամենակալ եւ Յաւիտենական'' ես Այդ է որ կը պաշտեմ։
Կուսակալը այս պատասխանէն զայրացած կը հրամայէ ձաղկել Վլասը այնքան անգութ եւ այնքան բրտօրէն, որ ոչ ոք կը  խորհեր թէ ոեւէ մէկը կրնար  ողջ մնալ այդ ձաղանքէն ետք։
Սակայն երջանկութիւնը որ կը ճառագայթէր  Սուրբին  դէմքէն բոլորին հասկնալ տուաւ որ ''Գերբնական ոյժ մը'' կը հզօրացնէր զինք։
Կուսակալը կը հրամայէ բանտ նետել Վլասը եւ չարչարանքները կը շարունակուին նաեւ բանտին մէջ ու հրապարակաւ։ Ի վերջոյ կուսակալը կը հրամայէ անոր գլխատումը։ 

Ս. Վլաս,  ամենէն ժողովրդական սուրբերէն մին եղած է Միջին դարուն։ Ս. Վլասի տօնը Յոյները կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝ Ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.