2018-02-03 09:32:00

2017-ին արտագաղթը շարունակուած է նախորդ տարուան հետ համեմատած նուազ կշռոյթով


ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2017-ին Հայաստանէն արտագաղթը շարունակուած է նախորդ տարուան հետ համեմատած նուազ թիւերով:  2017-ին Հայաստանէն հեռացած է աւելի քան 37.5 հազար քաղաքացի: Այս թիւը 30 տոկոսով նուազ է 2016-ի ցուցանիշէն. 2016-ին անվերադարձ հեռացածներուն թիւը եղած է աւելի քան 55 հազար: Ըստ ԱՎԾ-ի՝ Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը, 2016-ին արձանագրուած ցուցանիշին հետ համեմատած՝ նուազած է 1300-ով, կազմելով 2,972,900: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան՝ խօսելով այս մասին՝ յայտնած է. «Արտագաղթի բացասական հանրագումարը այս տարի մօտ 20 հազարով պակսած է: Ատիկա, կը կարծեմ՝ բաւական լաւ ցուցանիշ է: Իհարկէ պէտք է դեռ հասկնալ նուազման պատճառները, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ այս տարի 20 հազարով աւելի պակաս արտագաղթ ունինք, քան նախորդ տարի: Երկրորդ դրական ցուցանիշը այն է, որ սեռերու յարաբերակցութիւնը նուազած է եւս մէկ հաշուարկային ցուցանիշով եւ դարձած 110: Այսինքն՝ տղայ եւ աղջիկ յարաբերակցութիւնը 115-էն (100 աղջիկ-115 տղայ), որ մենք ունէինք հինգ տարի առաջ, նուազած է եւ դարձած 110»:

Ըստ անոր՝ արձանագրուած են նաեւ բացասական ցուցանիշներ։ «Անոնցմէ մէկը այն է, որ Հայաստանի մէջ ծնունդներու բացարձակ թիւը նուազած է մօտ 3000-ով: Պատճառը այն չէ, որ նուազած է ծնելիութիւնը, զոյգերը նորէն միջին հաշուով կ՝ունենան 1.6 զաւակ, այլ ա՛յն, որ նուազած է երիտասարդ ծնողներուն թիւը»,- յայտնած է Հայրապետեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.