2018-02-02 08:39:00

Սումկայիթեան Ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած Խորհրդարանական Լսումներ։


Խնդիրը որոշակի պարբերականութեամբ պէտք է հասու դառնայ միջազգային հանրութեան. Ազգային ժողովին մէջ սումկայիթեան ջարդերուն նուիրուած լսումներ կազմակերպելու առնչութեամբ որոշումը ներկայացնելու ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեան:

Սումկայիթեան ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած լսումները տեղի պիտի ունենան 22 փետրուարին, Ազգային ժողովի  դահլիճին մէջ:

Արմէն Աշոտեան նշեց, որ լսումներուն նպատակը սումկայիթեան ջարդերուն քաղաքական, հասարակական, նաեւ իրաւական գնահատականներ տալու համար է:

«Պիտի հրաւիրուին փորձագէտներ, քաղաքագէտներ, պիտի փորձենք գտնել, հրաւիրել սումկայիթեան ջարդերէն վերապրածները, նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր երկիրներու  արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները», ըսաւ Աշոտեան:

Ան նշեց, որ լսումները հիմք պիտի դառնան նաեւ միջազգային իրազեկման համար: «Կը նախապատրաստենք Ազգային ժողովի  յայտարարութեան նախագիծի մշակումը, որուն ճիշդ կ՛ըլլայ, յանձնախումբէն բացի, միանան նաեւ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները, որպէսզի Ազգային ժողովէն յայտարարուող այդ բնագիրը ըլլայ փոխհամաձայնեցուած, եւ բնագիրին շուրջ համաձայնութեան գանք», ըսաւ Աշոտեան:

Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ան նշեց, որ այս լսումները պէտք չէ կատարուին միայն ներքին քաղաքական շրջանակներու համար, այլ յայտարարութեան մէջ պատշաճ ձեւով պէտք է ըլլայ նկարագրական մաս, նաեւ յստակ ըլլան գնահատականները: Աշոտեան տեղեկացուց, որ անիկա պէտք է թարգմանուի` մեր արտասահմանեան գործընկերներուն այս տարուան ընթացքին այդ խնդիրի մասին յիշեցնելու համար:

Աշոտեանի կարծիքով` կայ նաեւ տեղեկացուած չըլլալու խնդիրը, որովհետեւ եթէ Հայաստանի մէջ 30 տարուան ընթացքին քաղաքական գործիչներու սերունդ փոխուած է, ապա նոյնքան փոփոխութիւն եղած է  նաեւ միջազգային քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոց մէջ, հետեւաբար` այս խնդիրը որոշակի պարբերականութեամբ պէտք է հասու դառնայ միջազգային հանրութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.