2018-02-02 08:44:00

Հայ հոգեւորականներ Մեսրոպեանի աշակերտներուն դասախօսեցին եկեղեցւոյ միութեան մասին


Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Շաբաթը, որ կ՛երկարէր 18-էն 25 Յունուարին: Այս առիթով, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած սոյն հաւաքին խօսք առին վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, հայր Փառեն ծայրագոյն վարդապետ Վարդանեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ վարդապետ Սապէ եւ Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան:

Հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ Եկեղեցին մէկ է՝ տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Անոնք ներկայացուցին հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին հիմնական սկզբունքները, որոնք հայ հաւատացեալները կը միացնեն մէկ մարմնի մէջ, որուն գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ հայ եկեղեցական կազմակերպութիւնները կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը, որն է ծանօթացնել մարդիկը Քրիստոսին, զՈր ընդունելով միայն կարելի է արժանանալ երկնային արքայութեան: Բանախօսները հաստատեցին, որ այն, ինչ որ կը միացնէ քրիստոնեաները՝ անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ է քան այն, որ կրնայ բաժնել, ինչ որ կը հանդիսանայ վստահելի կռուան մը՝ Եկեղեցւոյ զօրութեան:

Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին մասնակից եւ կազմակերպող բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի Կրօնի ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանին եւ մաղթեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութենական ոգիով:

Հաւաքը փակուեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան








All the contents on this site are copyrighted ©.