2018-02-01 08:36:00

Նախագահի նստավայրին մէջ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:


Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն օրակարգի շրջագիծին մէջ քննարկուած են Հայաստանի զինուած ուժերու 2018-2024 թուականներու  արդիականացման ծրագիրի նախագիծը եւ սահմանադրական բարեփոխումներու իրաւական ապահովման հոլովոյթը:

Առաջին հարցին մասին խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Մինչ այդ, հանրապետութեան նախագահը իր մօտեցումներն ու գնահատականները ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած` Հայաստանի զինուած ուժերու արդիականացման ծրագիրի նախագիծին վերաբերեալ, որուն մշակման մասին յանձնարարականը նախագահը տուած էր 24 հոկտեմբեր 2017-ին: 2018-ի տարեսկիզբին հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ ծրագիրի նախագիծը մանրամասն քննարկուած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ:

«Անվտանգութեան խորհուրդի յարգելի՛ անդամներ, ինչպէս կը յիշէք, անցեալ տարուան 24 հոկտեմբերին յանձնարարած էի պաշտպանութեան նախարարին, որ կազմեն երկարաժամկէտ զարգացման ծրագիր 2018-2024 թուականներուն համար: Եւ այդ յանձնարարականը պայմանաւորուած էր հետեւեալ հանգամանքով` շրջանին մէջ նոր մարտահրաւէրներ կը ձեւաւորուին, եւ այդ մարտահրաւէրներուն արձագանգելու լաւագոյն միջոցը երկարաժամկէտ զարգացման ծրագիր ունենալն է: Տեսանք, որ հանրութեան մէջ հարցեր կը յառաջանային, ոմանք կ՛ըսէին` իսկ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա պաշտպանութեան նախարարութիւնը կամ զինուած ուժերը չունէին զարգացման ծրագիրներ, երկարաժամկէտ ծրագիրներ: Վստահաբար ունէին, միշտ ալ եղած են ծրագիրներ, բայց նախորդ ծրագիրներուն եւ այս ծրագիրին տարբերութիւնը այն է, որ նախորդ ծրագիրները շատ մը պարագաներու կարճաժամկէտ էին, իսկ այն ծրագիրները, որոնք կը կոչուէին երկարաժամկէտ, աւելի նման էին ցանկութիւններու, տեսլականի, գաղափարներու: Այս ծրագիրը կը տարբերի մնացած բոլոր ծրագիրներէն, որոնք կարելի էր կոչել երկարաժամկէտ, անով, որ ասիկա թիրախաւորուած ծրագիր է. կայ  որոշակիութիւն` չափելիութիւն, կան ժամկէտներ, կան հաշուարկուած որակական եւ ֆինանսական ցուցանիշներ: Պաշտպանութեան նախարարը եւ գլխաւոր հրամանատարութեան պետը, վստահաբար, մինչ այդ ինծի զեկուցած են ծրագիրին մասին, այնուհետեւ ես կարելիութիւն ունեցած եմ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ քննարկելու այս ծրագիրը: Այսօր, իմ կարծիքովս, առկայ է ծրագիր, որ լաւ մշակուած է, թիրախներ կան, կան ցուցանիշներ, եւ որ ամէնէն կարեւորն է` կան նաեւ ֆինանսական հաշուարկներ: Ըսածս չի նշանակեր, որ հիմա մենք չենք կրնար այս ծրագիրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, վստահաբար կրնանք, այդ պատճառով ալ ներկայացուած է անվտանգութեան խորհուրդի հաստատման, այնուհետեւ արդէն ընթացք կու տանք», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկման արդիւնքով համաձայնութիւն տուած է ներկայացուած մօտեցումներուն եւ յանձնարարած կառավարութեան` սահմանուած կարգով ընթացք տալու անոնց ու ներկայացնելու նախագահի հաստատումին:

Օրակարգի երկրորդ հարցին` սահմանադրական բարեփոխումներու  իրաւական ապահովման հոլովոյթին մասին զեկուցած է արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:

Նախարարին ներկայացումով` յիշեալ հոլովոյթով նախատեսուած սահմանադրական եօթը օրէնքներէն հինգը ամբողջովին ընդունուած են, մէկը Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած է առաջին ընթերցումով, իսկ մէկը պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի յառաջիկայ քառօրեայ նիստին` փետրուարին: Դաւիթ Յարութիւնեան զեկուցած է, որ նոյն հոլովոյթի շրջագիծին մէջ օրէնքներու 27 ծրարներ եւս արդէն ընդունուած են:

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն նախարար Յարութիւնեանը ներկայացուցած է մշակուած` սահմանադրական մարմիններու` ներառեալ Ազգային ժողովի, դատական իշխանութեան, կառավարութեան ձեւաւորման եւ օրէնսդրական կարգաւորման հոլովոյթները:

Նիստին համաձայնութիւն տրուած է սահմանադրական բարեփոխումներու իրաւական ապահովման հոլովոյթէն ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ յանձնարարուած է կառավարութեան` սահմանուած կարգով շարունակելու անոնց իրականացումն ու ապահովելու տրամաբանական աւարտին հասցնելու հոլովոյթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.