2018-02-01 10:57:00

«Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մԷջ բացուեցաւ «Սփիւռքի Գրականութիւն» բաժինը


Յունուար 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներն այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարան` նուիրելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով լոյս ընծայուած եւ սփիւռքահայ գրողներու հրատարակած գիրքեր, որոնք հիմնականին մէջ Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, Հայկական սփիւռքի պատմութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հետազօտութիւններ են: Նուիրուող գրականութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ 2010-2016թթ. հրատարակուած «Հայկական սփիւռք» տարեգիրքերը:

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, այս նախաձեռնութիւնն իրականացուած է Մատենադարանի տնօրինութեան` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ տարեսկիզբին կայացած հանդիպումէն ետք, երբ քննարկման արդիւնքով որոշուած է երկու կառոյցներու միջեւ  սերտ համագործակցութիւն սկսիլ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Քնարիկ Պետրոսեան կարեւոր համարեց Մատենադարանի հետ սկիզբ առած համագործակցութիւնը`  յոյս յայտնելով, որ գիրքերը ոչ միայն կը հարստացնեն Մատենադարանի գիտական հիմքը, այլեւ օգտակար կրթագիտական աղբիւր կը հանդիսանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներու եւ, առհասարակ, ընթերցողներու գիտելիքներու պաշարի հարստացման համար: Քնարիկ Պետրոսեան աւելցուց նաեւ, որ յետագային փոխադարձ համագործակցութեամբ պիտի շարունակեն   շարք մը կարեւոր ծրագիրներ կեանքի կոչել:

«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Պօղոսեանն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` հանդիպումէն կարճ ժամանակ անց համագործակցութեան առաջին քայլերը հաստատելու եւ Մատենադարանին նմանօրինակ արժէքաւոր գրականութիւն նուիրաբերելու համար` շեշտելով, որ գիրքերն իրենց ուրոյն տեղը պիտի գտնեն Մատենադարանի գրադարանային ֆոնտի համապատասխան բաժիններուն մէջ:

Տէր Արարատը տեղեկացուց նաեւ, որ նուիրուած գիրքերը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով որոշած են Մատենադարանի ընթերցասրահի խորհրդանշական «Սփիւռքի գրականութիւն» գրապահարանին մէջ մէկտեղել, ուրկէ ընթերցողները կրնան օգտուիլ Սփիւռքին եւ սփիւռքահայ գրողներուն վերաբերող գրականութենէն:

«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ այս կարեւոր համագործակցութիւնը տրամաբանական շարունակութիւն պիտի ունենայ եւ յետագային զգալի արդիւնք պիտի տայ: Իբրեւ ըսածիս երաշխիք` նշեմ, որ յառաջիկային նոյնպէս Մատենադարանի հաւաքածուն կը համալրենք ոլորտին առնչուող բազմաբովանդակ գրականութեամբ»,-ընդգծեց  տէր Արարատ քահանայ Պօղոսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.