2018-01-31 11:00:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Աստուծոյ եւ ժողովուրդի միջեւ երկխօսութիւնը սուրբ պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 31 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն որուն ընթացքին, շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին, անդրադարձաւ, ծիսակատարութեան երկրորդ մասին, Աստուածային Խօսքի պաշտամունքին՝ Սուրբ գրային ընթերցումներուն։  

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, անդրադառնալէ ետք պատարագի առաջին մասին՝ պատրաստութեան ծէսի մասին, այժմ պիտի խօսինք «Աստուածային Խօսքի պաշտամունքի» մասին որ կառուցողական մաս է որով կը համախմբուինք ունկնդրելու համար թէ ի՞նչ ըրաւ Աստուած մեզի համար եւ ի՞նչ պիտի ընէ տակաւին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ այդ մէկը «ուղղակիօրէն պատահած փորձառութիւն մըն է, որովհետեւ երբ Եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի սուրբ գիրգը, նոյնինք Աստուած է որ կը խօսի իր ժողովուրդին հետ եւ Քրիստոս՝ որ ներկայ է այդ Խօսքին մէջ, կը հռչակէ աւետարանը», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ Խօսքին միջոցաւ Աստուած կը խօսի եւ մենք կ՛ունկնդրենք անոր Խօսքը՝ որպէսզի ապա ի գործ դնենք մեր լսածը։

«Մենք կարիքը ունինք մտիկ ընելու Աստուծոյ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը այս մէկը նկատելով՝ կենսական, տրուած ըլլալով որ «մարդս միայն հացով չ՛ապրիր այլ Աստուծոյ բերնէն բխած ամէն մէկ խօսքէն» (Մատթէոս 4,4) եւ այս իմաստով «Աստուծոյ խօսքը կը դառնայ սնունդ մեր հոգեւոր կեանքին» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նոր ու հին կտակարանէն ընթերցանութիւններուն որոնց ընդմէջէն կը հռչակուի Քրիստոսի միակ եւ նոյն խորհուրդը, ապա անդրադարձաւ Աւետարաններու ընթերցումին Արեւելեան եւ Արեւմտեան աւանդութիւններու համաձայն հաստատելով թէ  անոնք  կը յառաջացնեն եկեղեցական հաղորդութիւնը ու կ՛առաջնորդեն իւրաքանչիւր հաւատացեալի քայլերը։

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց նաեւ թէ Սուրբ Զոհի ընթացքին կը կարդացուին միայն Աստուածաշունչի մէջ պարունակուող գրութիւններ, մինչ այլ գրութիւններ արգիլուած են, որովհետեւ կարող են աղքատացնել ու փոխզիջումի ենթարկել Աստուծոյ եւ իր աղօթարար ժողովուրդին հետ երկխօսութիւնը։

Աստուծոյ Խօսքը՝ սաղմոսերգուին  համաձայն,  անհրաժեշտ օգնութիւն մըն է կորուստի չի մատնուելու համար «քու խօսքդ ճրագն է իմ քայլերուս, կը լուսաւորէ իմ ճամբաներս (Սաղմ 119, 105)» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու հարց տուաւ «Ի՞նչպէս կարելի է դիմագրաւել երկրային մեր ուխտագնացութիւնը, անոր դժուարութիւններով եւ յոգնութիւններով, եթէ հետեւողական կերպով չի սնուցանուինք եւ չի լուսաւորուինք Աստուծոյ Խօսքով որ կը հնչէ պատարագի ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ «բաւարար չէ միայն ականջներով մտիկ ընել Աստուծոյ Խօսքին առանց այդ Խօսքին սերմը ընկալելու մեր սրտին մէջ, թոյլ տալով որ ան պտղաբերի» ու մէջբերեց սերմնացանին առակը (Մարկոս 4, 14-20) ընդգծելով թէ Սուրբ Հոգին պէտք ունի սրտերու որոնք թոյլ կու տան որ անոնք մշակուին այնպէս որ պատարագի ընթացքին ունկնդրուած խօսքերը իրականանան առօրեային մէջ, ու Սուրբ Յակոբի խօսքերուն հիման վրայ «Ըլլանք անոնք որոնք ի գործ կը դնեն Աստուծոյ Խօսքը եւ ոչ թէ պարզ ունկնդիրներ որոնք իրենք զիրենք կը խափէն»։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորները ապա յատուկ խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնեով թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի տօնը՝ Երիտասարդութեան հայր ու վարդապետ։

Սիրելի երիտասարդներ, անոր նայեցէք որպէս օրինակելի դաստիարակ։ Սիրելի հիւանդներ, անոր օրինակին հետեւելով միշտ ապաւինեցէք Խաչեալ Քրիստոսին եւ դուք սիրելի նորապսակներ՝ դիմեցէք անոր բարեխօսութեան, որպէսզի վեհանձն յանձնառութեամբ ստանձնէք ձեր ամուսնութեան առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.