2018-01-31 09:50:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Դրական Կրաւորականութիւնը

Ներկայ դարը կը յատկանշուի մասնագիտութիւններով: Այլեւս չկայ մէկը, որ իր հիւանդութեան համար մասնագէտ բժիշկ չփնտռէ: Վերջապէս խնդիրը սեփական առողջութեան եւ ընդհանրապէս մարդու կեանքին կը վերաբերի: Երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ միայն կարելի է դեռ հանդիպիլ պառաւներու, բժշկական փորձառութեան ապաւինող մարդոց, որոնք երբեմն բախտի բերումով արդիւնքի ալ կը հասնին: Գրեթէ բոլոր բնագաւառները, ի մասնաւորի բժշկութեան կալուածը, իրենց քննարկած առարկային ինչութիւնը լաւ ուսումնասիրած են ու նաև մասնագիտացած:

Մասնագիտութիւններու այս խճուղիին մէջ մեզի այնպէս կը թուէր, որ ամէն մարդ իր ճանապարհով պիտի ընթանար: Սակայն, դժբախտաբար կը տեսնենք, որ դերձակը փռապանին գործին կը խառնուի, լուացարարը ակադեմիկոսը կ՛այպանէ, կօշկակարը հոգեւորականին պատարագն ու քարոզը կը քննադատէ, մէկ խօսքով՝ մասնագիտութիւններու ներկայ դարը հիւսած է անհամաչափ սարդոստայն մը, որմէ դուրս գալու համար, պէտք է սպասել աշխարհի նոր ստեղծագործութեան մը…։

Ընդհարումներու շատ բնական այս «ռազմադաշտին» մէջ ամէն մարդ զէնք կը վերցնէ, նման այն անկազմակերպ բանակին, որուն միացած ամբոխը բնաւ զինավարժութիւն ըրած չըլլար, ո՛չ ալ բանակային մարզաձեւերու հետեւած: Կը բաւէ միայն որ յարձակման հրաման տրուի, եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք պատրաստ են դէպի յառաջ ընթանալու եւ կոտորելու ամէն ինչ, որ իրենց դիմաց կու գայ: Տգիտութեան մարզադաշտի կարելի է նմանցնել այդ տեսարանը, ուր չկան սահմանագծումներ, ո՛չ ալ չափ ու կշիռի հասկացութիւն:

Քաղաքագէտներ խորհուրդ կու տան նման պատերազմներու չմասնակցելու: Բայց ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս յառաջդիմել, կամ լաւ եւս՝ ինչպէ՞ս ինքնապաշտպանութեան դիմել, մանաւանդ որ թշնամի բանակը կազմակերպ այրուձիով կը շարժի յառաջ: Բանակցութիւններու պարագային կան խորհուրդ  տուողներ ու նաև անտարբերներ.

Այս անտարբերութիւնը սակայն, դրական մօտեցում մը չէ՛ հարցեր լուծող, կամ ճամբաներ հարթող:

Անհաւասար պայքարի մէջ մտնելէ ետք, ի յայտ եկած դժուարութիւններուն լուծում բերելու լաւագոյն միջոցը՝ դրական կրաւորականութիւնն է: Դրական կրաւորականութեան մասին ծերունի բարեկամս շատ պարզ ոճով կ՛ըսէր. ՝ ՝ գիւղի շունը կը հաջէ, ուղտերու կարաւանը կ՝ անցնի՝ ՝ … կարաւանին անցնելէն ետք ամէն ինչ կը հանդարտի, շունը կը մնայ իր տեղը, իսկ կարաւանին ուղտերը բարեաւ կը հասնին իրենց գոմը:

Դրական կրաւորականութիւնը, ուրեմն, բարի աշխատանքին շարունակականութիւնը ապահովող քաջ կեցուածքն է, հակամարտութենէ եւ հակաճառութենէ հեռու, ընդհարումներու առաջքը առնող եւ նոյնիսկ ուրիշները բարեգործութեան հրաւիրող:

Դրական կրաւորականութիւնը փորձութեան մատնող հիմնական դժուարութիւնը արհամարհանքն է: Բարի մարդը պէտք է դրական կրաւորականութիւնը զանազանել կարենայ արհամարհանքէն: Ժամանակը անաչառ դատաւորն է շատ մը երեւոյթներու, սակայն ամէնէն աւելին՝ դրական կրաւորականութեամբ իրագործուած աշխատանքներու: Վճառակամութիւնը, յարատեւութիւնը, ուժականութիւնը եւ գործին փարելու անքակտելի սէրը, ժամանակին կողմէ մեծագոյն պատիւներու կ՛արժանանան, օրհնաբանութիւն ընծայելով դրական կրաւորականութեամբ իր աշխատանքը կատարած անձին, հակառակ հարեւան գիւղերէն եկող սովահար շուներու երբեմն համանուագ ոռնոցին եւ երբեմն ալ աններդաշնակ կաղկանձին:

Դրական կրաւորականութիւնը աւարտ մը չէ, այլ՝ անվերջանալի գործընթաց մը, որուն արդիւնքը ժամանակ առ ժամանակ քաղելու հաճոյքը կ՛ապրի զայն իրագործողը: Դրական կրաւորականութիւնը յաղթանակ է՝ պարտութեան մէջ, որովհետեւ զայն ի գործ դնողը գիտէ՛ ձեւը, եւ մանաւանդ՝ ունի միջոցը անզգալաբար պարտութեան մատնելու, մինչեւ իրենց ատամները տգիտութեամբ զինուած կարծեցեալ յաղթականները…։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.