2018-01-30 08:30:00

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին Հայաստան պիտի այցելէ շուրջ 100 պատուիրակութիւն։


Միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի հանդէպ մեծ վստահութեան դրսեւորում էր այն, որ լիակատար անդամակցութեան հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող մեր երկրին հնարաւորութիւն ընձեռնուեցաւ նախագահելու 50 տարուան պատմութիւն ունեցող կառոյցը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ժամանակ՝ այս մասին, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Հայաստանը անկախութեան այս տարիներուն ընթացքին շատ հնարաւորութիւններ ունեցած է նախագահելու տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ, եղած է նախագահող ՀԱՊԿ-ի, Եւրոխորհուրդի, ՍԾՏՀ-ի եւ այլ կառոյցներու մէջ: Սակայն, մեծ տարբերութիւնը այն է, որ այդ բոլոր նախագահութիւնները եղած են կարգի յաջորդականութիւն, մինչդեռ ֆրանսախօս երկիրներու պարագային ատիկա կարգի յաջորդականութեան նախագահութիւն չէ: Բաւական սուր մրցակցային պայմաններու մէջ՝ մենք յաջողեցանք ստանձնել այս կառոյցին ղեկավարութիւնը»,- նշած է Նալպանտեան:

Ան համոզուած է, որ ատիկա ցոյց կու տայ այն վստահութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը ունի Հայաստանի հանդէպ:

Զուգորդուած եւ դիտորդ 84 անդամ ունեցող կառոյցէն բացի, Հայաստան պատուիրակութիւններ պիտի ժամանեն նաեւ տարբեր ֆրանսախօս գործակալութիւններէ եւ գործընկեր կառոյցներէ, հրաւէրներ պիտի ուղարկուին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու:

«Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ շուրջ 100 պատուիրակութիւն: Յոյսով ենք, որ շատ պատուիրակութիւններ պիտի ղեկավարուին ամենաբարձր մակարդակով»,- ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնելով, որ նախարարներու համաժողովին Հայաստանը արդէն ստանձնած է ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին նախագահութիւնը` նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանին բացառիկ հնարաւորութիւն կը տրուի ներկայացնելու երկիրը միջազգային հանրութեան, ընդլայնելու կապերու, յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը, սերտացնելու, զարգացնելու, խորացնելու համագործակցութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի անդամ երկիրներուն հետ:

«Պիտի ուզէի նշել, որ մենք կը պատրաստենք ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նոր հիմնարար փաստաթուղթ: Ատիկա «ապրիլ միասին» համաձայնութիւնն է: Ատիկա պիտի ըլլայ բաւական լուրջ փաստաթուղթ, որ արդէն սկսած ենք մշակելու, քննարկելու անդամ երկիրներու, քարտուղարութեան հետ: Գագաթնաժողովին ժամանակ պիտի ընդունուի եզրափակիչ` Երեւանեան հռչակագիր: Բացի այդ, պիտի ընդունուի եւս մօտ 10 բանաձեւ՝ տարբեր հարցերու շուրջ»,- յայտնած է Նալպանտեանը:

Ան տեղեկացուցած է, որ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս Հայաստանը մտադիր է իրականացնելու ֆրանսախօս երկիրներու գործարար համաժողով, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ սերտացնելու, ամրապնդելու հիմնարկային կապերը ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու միջեւ: «Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ Հայաստանին աւելի ընդլայնելու համագործակցութիւնը, տնտեսական ոլորտի մէջ իրականացնելու տարբեր ծրագիրներ այս երկիրներուն հետ: Նպատակն է`  ստեղծել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց: Ատիկա պիտի կայանայ մեր նախագահութեան օրօք, եւ բացառիկ հնարաւորութիւն է բոլոր ֆրանսախօս երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի համար»,- յայտնած է ԱԳ նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.