2018-01-30 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 30 յունուարի քարոզը՝ բարի հովիւի մասին:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ բարի հովիւներուն մասին  յորդորելով, որ անոնք որդեգրեն Յիսուսի՝ ժողովուրդին  նկատմամբ ունեցած կեցուածքները որ է մօտիկութեան ու քնքշութեան կեցուածքներ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած Մարկոսի Աւետարանէն ուր կը պատմուի Յիսուսի կատարած բուժումի երկու հրաշքներուն մասին,  դիտել տուաւ  թէ ինչպէս Յիսուս այդ կատարեց ապրելով ամբոխին մէջ ու անոնց հետ ու եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն  յորդորեց օրինակ քաղել Յիսուսէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Յիսուսի՝ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած  մտահոգութեան ու ցուցաբերած  նեցուկին , դիտել  տալով որ Յիսուս չ՝ուներ հոգեւոր խորհրդատուութեան  կամ  բժշկական գրասենեակ մը իրեն յատուկ ժամերով: Ան ըսաւ քահանայապետը չէր ըսեր ես յաճախորդները կ՛ընդունիմ այս ինչ ժամէն այդ ինչ ժամուն։  «Յիսուսի այս դիմագիծը պէտք է ըլլայ նաեւ Հովիւներուն դիմագիծը շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ Յիսուս երբեք ետքայլ չի կատարեր երբ բարիք պիտի գործէ։ Ահա այս է իսկական հովիւին վարուելակերպը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու նշեց թէ հովիւները ,  ձեռնադրութեան կարգը ստանալու ժամանակ, իւղով կ՝օծուին՝ ըլլայ քահանայական ըլլայ եպիսկոպոսական օծումի ժամանակ: Սակայն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իսկական իւղը ներքին իւղն է ,  որ է  մօտիկութեան եւ քնքշութեան իւղը: Այն հովիւը  որ չի գիտեր մօտենալ,  անոր մէջ պակաս բան մը կայ.  Թերեւս ըսաւ Սրբազան Հայրը այդ հովիւը  դաշտի  սեփականտէր մը ըլլայ  եւ ոչ թէ հովիւ մը, աւելցնելով որ այն հովիւին  որուն  քնքշութիւն  կը պակսի, խիստ հովիւ մըն է  որ իր ոչխարներուն հետ չարաչար կը վարուի։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց իր քարոզը խնդրելով որ Տիրոջ աղօթեն որպէսզի իր հովիւներուն շնորհէ  իրենց ժողովուրդներու մօտ քալելու շնորհքը ու ժողովուրդին մէջ քնքշութեան  ու մօտիկութեան հոգիով ներկայութեան պարգեւը այնպէս որ հաւատացեալները եւս երբ գտնեն իրենց հովիւը յատուկ մէկ զգացում մը ապրին եւ զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.