2018-01-30 09:19:00

Մի՛ ձգեր որ սէրդ պաղի


«Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի» (ՄԱՏ. 24։12)։

Երբ Յիսուս կը բացատրէր թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտցուէր որ աշխարհի վախճանն է, նշեց թէ «շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատ. 24։3, 12)։ Առաջին դարուն, հրեաները կ’ըսէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդն են, բայց ձգեցին որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը պաղի։

Բայց այդ ժամանակ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը տարբեր կեցուածք ունէր։ Անոնք նախանձախնդրութեամբ կը քարոզէին Յիսուս Քրիստոսը, ինչպէս նաեւ իրենց սէրը ցոյց կու տային Աստուծոյ, քրիստոնեաներուն եւ անհաւատներուն հանդէպ : Սակայն կարգ մը քրիստոնեաներ ձգեցին որ իրենց սէրը պաղի։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ ասոր մէկ պատճառը։ Թերեւս այդ քրիստոնեաները կ’ազդուէին իրենց շրջապատի մարդոցմէ, որոնք իրենց հաճոյքին ետեւէն էին  : Մարդիկ աւելի կարեւորութիւն կու տային իրենց հանգիստին՝ քան՝ ուրիշ բաներու։ Անոնք իրենց անձնասէր հաճոյքներուն պատճառով մոռցած էին ինչ ըսել է անձնազոհ ըլլալ ու սիրել։

Յիսուսին ըսածը մեր օրերուն ալ կը կիրարկուի։ Ներկայիս Աստուծոյ հանդէպ մարդոց սէրը աւելի  կը պակսի։ Միլիոնաւորներ կռնակ դարձուցած են Աստուծոյ եւ յոյսերնին դրած են մարդկային կազմակերպութիւններու վրայ, որ իրենց խնդիրները լուծեն։ Այս պատճառով, անոնք որոնք Աստուծուած  չեն պաշտեր, կը դադրին Աստուած սիրելէ: Կը պաղի անոնց  սէրը Աստուծոյ հանդէպ։  Հիմա նկատի պիտի առնենք երեք մարզեր, որոնց մէջ մեր սէրը պէտք է զօրաւոր պահենք. Առաջին՝Աստուծոյ հանդէպ սէր, երկրորդ՝ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ սէր, եւ երրորդ՝ մեր եղբայրներուն հանդէպ սէր։

Աստուծոյ հանդէպ սէր : Որով պէտք ենք շատ սիրենք։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ  պիտի սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը» (Մատ. 22։37, 38)։ Աստուծոյ հանդէպ մեր խոր սէրը մեզի կ’օգնէ որ իր պատուէրներուն հնազանդինք, տոկանք եւ չարութիւնը ատենք :

Աշխարհ սխալ կարծիք ունի սիրոյ մասին։ Մարդիկ «անձնասէր» են, փոխանակ աստուածասէր ըլլալու։ Անոնք կը կեդրոնանան մարմնի ցանկութեան, աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան վրայ։ Պօղոս առաքեալ զգուշացում տուաւ թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ նախ մե՛ր հաճոյքը փնտռենք։ Ան ըսաւ. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահն է. . . Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է» ։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոնք իրենց կեանքը անցուցած են նիւթական բաներու կամ սեռային ցանկութիւններու ետեւէն վազելով, շատ յուսախաբ եղած են ։ Եթէ այս գաղափարներուն ականջ տանք, կրնանք Աստուծմէ հեռանալ եւ մեր սէրը կրնայ պաղիլ։  

Եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որ յուսախաբ ըլլանք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ պաղիլ։  Երբէմն բոլորս յուսախաբութիւններ կ’ունենանք Սատանային այս չար աշխարհին մէջ : քանի որ կարգ մը բաներ մեր ուզածին պէս չենք կրնար ընել, կամ ալ մեր յուսացածին պէս չեն եղած։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ այսպիսի պարագաներ կամ զգացումներ մեզ համոզեն որ Աստուած երեսի վրայ ձգած է մեզ։ Ընդհակառակը, պէտք է խոկանք այն խօսքերուն վրայ, որոնք կը ցուցնեն թէ Աստուած միշտ կը սիրէ մեզ։ Օրինակ, Սաղմոս 136։23–ը կ’ըսէ. «Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշեց, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած մտիկ կ’ընէ մեր «աղաչանք»ները եւ անոնց կը պատասխանէ (Սաղ. 116։1. 136։24-26)։

Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահելու համար անդադար պէտք է  աղօթենք: Երբ կ’աղօթենք՝ Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցինք, եւ ասիկա առիթ կ'ըլլայ որ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք ։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր արտայայտենք մեր ամենախոր մտածումներն ու զգացումները, իրեն աւելի կը մօտենանք։ Նաեւ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ, երբ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ամէն :

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.