2018-01-28 12:28:00

28 Յունուարի Մարեմեան աղօթքն ու կոչերը «Ացիոնէ Քաթթոլիքա»ի պատանիներու մասնակցութեամբ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 28 յունուար 2018-ի կէսօրին, Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին, Ֆրանչիսկոս Սրաբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը իր կից ունենալով «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի երկու պատանիներ, «խաղաղութեան կարաւանը» ձեռնարկի առթիւ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հիմնուած օրուան աւետարանական ընթացուածին վրայ որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 1, 21 -28), ուր կը խօսուի Յիսուսի Կափառնաումի մէջ անցուցած օրուան մասին, ուր Ան կը բուժէ պիղծ ոգիէ բռնուած մարդը։

Աւետարանին մէջ Մարկոս կը գրէ «մարդիկ կ՛ըսէին. Ահաւասիկ նոր վարդապետութիւն մը տրուած իշխանութեամբ», Յիսուս արդարեւ  կը յայտնուի որպէս իշխանութիւն ունեցող մարգարէ մը նաեւ գործերու մէջ՝ այդ մարդէն վտարելով չար հոգին ու հրամայելով որ դուրս ելլէ անորմէ «Լռէ եւ ել այդ մարդէն» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ Յիսուս լոկ խօսքեր չ՛արտասաներ, այլ կը գործէ ու կը յայտնէ Աստուծոյ ծրագիրը՝ Աստուծոյ սէրը։ Ան մեզի կը փոխանցէ լոյսը որ մեր խաւար ճանապարհները կը լուսաւորէ։ Մեզի ուժ կը պարգեւէ յաղթելու համար դժուարութիւնները, փորձութիւնները ու մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը՝  ապա մեզի խնամք կը տանի երբ կարիքի մէջ ըլլանք» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հայցեց Սուրբ Կողս Մարիամի հովանին որպէսզի մեզ օգնէ աշխարհի «շառաչիւնին» մէջ ունկնդրելու իր Զաւկին հեղինակաւոր խօսքը, որ մեզի կը հռչակէ մեր գոյութեան իմաստը ու մեզ կ՛ազատէ ամէն մէկ ստրկութենէն, յարեց Սրբազան Պապը եւ արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրատարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն որոնք շարքին նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի պատանիները։

«Երէկ  Աֆղանիստանէն մեզի հասաւ այս ցաւալի լուրը՝ մայրաքաղաք Քապուլի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական սարսափելի կոտորածի մասին, որ պատճառեց հարիւրէ աւելի զոհեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ -ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «մի քանի օրեր առաջ եւս, միշտ Քապուլի մէջ, մահ ու սարսափ սերմանուեցաւ Պանդոկի մը մէջ»։ «Մինչեւ ե՞րբ Աֆղանիստանի բնակչութիւնը կարող է դիմանալ անմարդկային այսքան բռնութեան» հարց տուաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց ներկաները  աղօթելու՝ բոլոր զոհերուն համար ու անոնց ընտանիքներուն համար, ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք այդ երկրին մէջ կը շարունակեն աշխատիլ խաղաղութեան կերտումին համար։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի  բորոտներու միջազգային օրը։ «Հիւանդութիւն մը որ տակաւին կը հարուածէ յատկապէս աղքատները» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց «Այդ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ապահովեցնելու մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն ինչպէս նաեւ աղօթելու անոնց համար որոնք խնամք կը տանին այդ հիւանդներուն։  

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի պատանիներուն ըսաւ. «Մեծ գորովով կ՛ողջունեմ Հռոմի Թեմի Ացիոնէ Քաթթոլիքայի շարժումի անդամ պատանիները։ Սիրելի պատանիներ այս տարի եւս եկած էք այստեղ «խաղաղութեան կարաւան» ձեռնարկի աւարտին։ Շնորհակալ եմ. Երբեք մի յոգնիք  խաղաղութեան եւ ուրախութեան գործիքներ հանդիսանալու ձեր հասակակիցներուն մօտ»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց իր մօտ կանգնած երկու պատանիները կարդալու «խաղաղութեան կարաւան» ծրագրի առթիւ պատրաստուած պատգամը, որուն մէջ անոնք ընդգծեցին Քահանայապետին մտահոգութիւնը՝ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կայացած պատերազմներու ու հակամարտութիւններուն ի տես ու ակնարկեցին թէ ինչպէս Յիսուս եւս հրաւէր կ՛ուղղէ ուշադիր ըլլալու մեր շուրջի անձուդարձերուն ու յատկապէս ուշադիր ըլլալու անոնց որոնք աւելիով կարիքի մէջ կը գտնուին։

«Մենք եւս կ՛ուզենք յանձնառու ըլլալ» ըսին պատանիները եւ ասոր համար է որ խաղաղութեան ամսուայ ընթացքին սատարեցինք Իրաքի մէջ գաղթական մանուկներուն յատկացուած մէկ ծրագրին, որովհետեւ մեր կարողութիւններու համաձայն մենք կ՛ուզենք ըլլալ Խաղաղութեան միսիոնարներ»։

Պատգամի ընթերցումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ազատ արձակել գունաւոր փչիկները  «որպէսզի, ըսաւ Ան, մեր խաղաղութեան ի սպաս աղօթքներուն հետ միասին բարձրանան երկինք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց ինչպէս միշտ բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու  խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.