2018-01-27 09:49:00

«Ուաշինկթընի խումբ»-ի փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ Սուրիան ՝ՄԱԿ-ի հոգատարութեան տակ դնել


«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը ձեռք բերած է ինքզինք «Փոքր խմբակ» կոչած «Ուաշինկթընի խմբակ»-ի պատրաստած փաստաթուղթը:

Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Յորդանանէն կազմուած խմբակը իր առաջին ժողովը Ուաշինկթընի մէջ գումարած էր երկու շաբաթ առաջ, իսկ երկրորդ ժողովը գումարեց երեքշաբթի օր Փարիզի մէջ` «Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակումներու պատասխանատուներու հետապնդման» խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:

Վերոնշեալ փաստաթուղթը անցնող ժամերուն յանձնուեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակին, որպէսզի դառնայ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններուն հիմքը: Անկէ օրինակներ նաեւ յանձնուեցան սուրիական տագնապին առնչակից շարք մը կողմերու:

Փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկել Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւն մը, որ կը ներառէ նախագահի, վարչապետի, շրջաններու կառավարութիւններու, դատական իշխանութեանց եւ ապահովական մարմիններու իրաւասութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի կազմութեան եւ ընտրութեան ձեւին վերաբերող կէտեր:

Փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ Սուրիոյ մէջ որդեգրել ապակեդրոնացեալ դրութիւն եւ կազմել լայն իրաւասութեամբ շրջանային կառավարութիւններ, ինչպէս նաեւ երկիրը դնել ՄԱԿ-ի ուղղակի հոգատարութեան տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.