2018-01-25 13:11:00

ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Պրազիլի «եկեղեցական հասարակութիւններ» կազմակերպութեան


(Ռատիօ Վատիկան) 23էն – 28 յունուար 2018ին,  Պրազիլի  Փարանա մարզի Լոնտրինա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ «եկեղեցական հասարակութիւններ» կազմակերպութեան 14-րդ հանդիպումը , որ ունի որպէս նիւթ բնակարան, աշխատանք ու երիտասարդներ եւ որուն ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուին  թմրամոլութեան,  բռնութեան, ապահովութեան եւ անգործութեան հայող հարցեր: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  վերոնշեալ կազմակերպութիւններու 3000 անդամներ, որոնց շարքին եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ եւ Պրազիլի ու Լատին Ամերիկիոյ  հասարակութիւններու գործիչներ:

Հինգշաբթի 25 յունուար 2018ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին , յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց վերոնշեալ հանդիպումի մասնակիցներուն, որուն մէջ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի քաջալերանքի խօսքն ու օրհնութիւնները՝ հաւաքի մասնակիցներուն  մաղթելով որ  անոնք  դառնան աշխարհի մէջ  աւետարանացումի նուիրեալներ։

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադառնալով հաւաքին բնաբանին՝ քաղուած Սուրբ Գիրքէն «արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուդիս չարչարանքը տեսայ եւ անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի (Ելից  3, 7-8)  գրած է   թէ Աստուած երբեք  անտարբեր չի մնացած  իր ժողովուրդին նկատմամբ՝ ուղարկելով Մովսէս մարգարէին  փրկելու կամար Հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսի ստրկութենէն, ինչպէս նաեւ ուղարկելով իր միածին որդին Յիսուս Քրիստոսը ՝ մեզ ազատագրելու համար մեղքի եւ մահի ստրկութենէն:  

Ծիրանաւորը ապա նշած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ հոգեպէս  կը միանայ հանդիպումին   մասնակիցներուն,    հայցելով Աստուծմէ որ  իր  արատ պարգեւները շնորհէ  կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն , որպէսզի անոնք  կարենան անսալ  աղքատներուն  ճիչին եւ   դառնան աւետարանցումի ու զարգացումի գործիք համայն  Պրազիլի հասարակութիւններուն  համար միշտ հաղորդութեան մէջ մնալով  տեղական ժողովրդապետութիւններուն հետ եւ եկեղեցւոյ վարդապետութեան հիման վրայ:

Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտած է  հաւաքի մասնակիցներուն շնորհելով  Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները  խնդրելով որ  չի մոռնան աղօթել Սրբազան Քահանայապետին  դիտաւորութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.