2018-01-25 08:42:00

2 Փետրուարին կը նշուի Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային 22-րդ օրը:


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 2 փետրուար 2018-ին. Տեառնընդառաջին տօնին օրը, Եկեղեցին կը յիշատակէ նուիրեալ անձերու համաշխարհային օրը։

Կոչումներու պարգեւին համար Աստուծոյ շնորհակալութեան ու աղօթքի այդ օրուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան 5.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «նուիրեալ Կեանքի» միաբանութիւններու անդամներ։

«Կ՛ապրինք մարդկային պատմութեան յատուկ պահ մը որ կարիքը ունի իմաստ տալու կեանքի կոչումին» ըսած է այս առթիւ Նուիրեալ կեանքի Ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Տէ Ավիզ, դիտել տալով թէ կարիքը կայ ծրագրի մը, գոյութեան իմաստի աղբիւրի մը, լի ուրախութեամբ եւ յոյսով։ Մենք նուիրեալներս, շարունակած է ան, մկրտութեան փորձառութենէն սկսեալ, ներառուած Աստուծոյ ու Անոր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ժառանգներն ենք Եկեղեցւոյ կոչումին ու շնորհապարգեւներուն ժառանգութեան եւ ուրախութիւնն ու պարտականութիւնն ունինք  այդ  ժառանգութիւնը պաշտպանելու ու զարգացնելու»

Տօնախմբել Նուիրեալ Կեանքի համաշխարհային օրը առիթ է ՝ տօնակատարութեան, յանձնառումի ու աղօթքի՝ Տիորջ, նոր կոչումներու պարգեւին համար, որպէսզի անոնք  վերանորոգեն Եկեղեցւոյ ու աշխարհին դիմագիծը, հռչակեն Աւետարանի ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը՝ որ իմաստ կը պարգեւէ կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.