2018-01-24 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլի եւ Փերու առաքելական ճամբորդութեան մասին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու օր առաջ վերադարձայ Չիլի եւ Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութենէն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիրոջ որ ամէն ինչ լաւ ընթացաւ։ Կարողացայ հանդիպիլ Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ ու քաջալերել այդ երկիրներու ընկերային զարգացումը։ Երախտագիտութիւնս կը վերանորոգեմ երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն ու եղբայրակից եպիսկոպոսներուս որոնք զիս ընկալեցին վեհանձն գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 24 յունուարի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան զոր կեդրոնացուց 22-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան վրայ ու այդ ճամբորդութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն ու փոխանցած պատգամներուն վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկեց Չիլի ժամանումէն առաջ երկրին մէջ տեղի ունեցող բողոքներուն, որոնք աւելի այժմէական դարձուցին ճամբորդութեան կարգախօսը՝ «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» ըսաւ Ան, յայտնելով թէ այդ խօսքերը Յիսուսին՝ աշակերտներուն ուղղած խօսքերն են,  որ կը կրկնենք պատարագի ժամանակ ապա ընդգծեց թէ Միայն Յիսուսն է որ կարող է պարգեւել խաղաղութեան շնորհքը՝ անոր որ Իրեն կը վստահի։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ նշեց թէ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քաջալերեց Չիլիի ժողովրդավարութեան ընթացքը որպէս վայր զօրակից հանդիպումի որ կարող է ներառել տարբերութիւնները ու այս ուղղութեամբ թելադրեց «ունկնդրութեան ունակութեան» ոճը, «յատկապէս աղքատներու, երիտասարդներու, տարեցներու, գաղթականներու ունկնդրութիւնը ու նաեւ երկրին աղաղակին ունկնդրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ Չիլիի մէջ մատուցած առաջին պատարագը նուիրուած էր խաղաղութեան եւ արդարութեան «Երանի խաղարարներուն որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին», յարեց Ան ու մատնանշեց իգական բանտին տուած այցելութեան ուր «այդ կիները իրենց ձեռքը բռնած իրենց մանուկները յոյս կ՛ատյայտէին» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ ինք քաջալերեց զանոնք իրենք իրենցմէ եւ իշխանութիւններէն պահանջելու նախապատրաստական լուրջ աշխատանք՝ դարձեալ ներառուելու համար ընկերութեան մէջ։  

«Քահանաներուն ու կրօնաւորներուն հետ ինչպէս նաեւ Չիլիի եպիսկոպոսներուն հետ ապրեցայ գեղեցիկ պահեր զանոնք հրաւիրելով պայքարիլ մանկամոլութեան արարքին դէմ»  ըսաւ ապա Քահանայապետը ու նշեց թէ այլ երկու պատարագներ մատուցեց մէկը երկրին հարաւը գտնուող Արուքանիա քաղաքին մէջ Մափուքէ բնիկներու մասնակցութեամբ, ուր «կոչ ուղղեցի ի նպաստ խաղաղութեան մը որ ըլլայ տարբերութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն ու բռնութեան մերժում, մինչ հիւսիսային շրջանի Իքիքուէ քաղաքին մէջ փորձարկեցի ժողովրդական հոգեւորութեան իրականութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց  Չիլիի կաթողիկէ համալսարանին տուած այցելութեան ուր հանդիպում ունեցաւ երիտասարդ ուսանողներուն հետ հրաւիրելով զանոնք մասնակից դառնալու ընկերութեան կառուցումին։

«Ապա Փերուի ճամբորդութեան կարգախօսը եղաւ «Միացած Յոյսի մէջ». Միացած պատմութեան ու մշակոյթէն որդեգրած տարբերութիւններու հարստութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Ամազոնեան շրջանի մէջ տեղացի բնիկ ժողովուրդներուն հետ հանդիպումին որ սկիզբը հանդիսացաւ 2019-ի Հոկտեմբերին գումարուելիք անոնց նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, յարեց Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ Փերուի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին գնահատելով երկրին բնական, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը շեշտը դրաւ երկրին սպառնացող երկու իրականութիւններու վրայ՝ բնապահպանական ու ընկերային ապականումը եւ կաշառակերութիւնը, այս ծիրէն ներս շեշտելով բոլորին պատասխանատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Փերուի Թրուխիլլօ քաղաքին մէջ մատուցած սուրբ պատարագին ուր «Էլ Նինիօ» ջրհեղեղի թիրախ բնակչութիւնը քաջալերեց հակազդելու կեանքի բոլոր փոթորիկներուն։ Թրուխիլլոյի մէջ հանդիպեցայ նաեւ քահանաներուն անոնց հետ կիսելով իրենց կոչումին ուրախութիւնը ու եկեղեցւոյ նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւնը, ապա Թրուխիլլոյի «Վիրկէն Տէ Լա Փուերթան» հռչակեցի «Յոյսի եւ ողորմութեան Մայր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց ճամբորդութեան վերջին օրուան՝ որուն ընթացքին նախ հանդիպեցաւ 500 փակեալ կրօնաւորուհիներու հետ որոնք «Եկեղեցւոյ ու համայն ընկերութեան աղօթքի ու հաւատքի իսկական «թոքեր» են» ըսաւ Պապը ու անդրադարձաւ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Փերուի Սուրբերու մեծարանքի արարողութեան, հուսկ Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումին եւ ի վերջոյ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին, որոնց որպէս տիպար առաջարկեց Փերուի բազմաթիւ Սուրբերը։

Խորհրդածութիւնը եզրափակելով Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Փերուի մէջ մատուցած եզրափակիչ պատարագին ու այդ պատարագի ընթացքին փոխանցած պատգամին «ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին», այսինքն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Տէրը կ՛ըսէ «ընդունեցէք խաղաղութիւնը զոր ես ձեզի կու տամ եւ դուք միացած պիտի ըլլաք իմ յոյսիս մէջ»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.