2018-01-24 08:35:00

Խաչքարերը մեր պատմութեան ամենախորհրդանշական վկաներն են. Մ. Մինասեան


Խաչքարերը մեր պատմութեան ու մշակոյթի, թերեւս, ամենախորհրդանշական վկաներն են: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, գրած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան:

«2014 թուականին Վատիկանեան թանգարաններուն մէջ բացուեցաւ եւ մշտական ցուցադրութեան դրուեցաւ հայկական միջնադարեան խաչքար: 1246 թուագրուող խաչքարը՝ այդ օրունէ՝ իր պատուաւոր տեղը ունի Վատիկանեան թանգարաններու Ուրբանոս 8-րդ Պապի անուան ցուցասրահին մէջ` հանրայայտ Սիքսդինեան կապելլայի մօտ:

Ամէն օր, Վատիկանեան թանգարաններ կ՝այցելէ միջին հաշուող 27 հազար մարդ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Թանգարանի մասնագէտներուն կարծիքով` միայն 2016-ին, հայկական խաչքարին ծանօթացած է աւելի քան 5 միլիոն այցելու: Ինծի համար անչափ խորհրդանշական է, որ տարեկան միլիոնաւոր մարդիկ կը ծանօթանան հայկական խաչքարի արուեստին»,- գրած է Մինասեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.