2018-01-23 08:27:00

Փարիզի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոն պիտի հիմնուի


Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այս մասին Փարիզի քաղաքապետը կը տեղեկացնէ իր համացանցային պլոկին մէջ:

«Ինծի համար պատիւ էր քաղաքապետարանին մէջ ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը», կը գրէ ան:

Անն Իտալկօ դրուատիքով կը խօսի Փարիզի հայկական համայնքի մասին՝ ընդգծելով, որ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած են եւ զգալի ներդրում ունեզած քաղաքի զարգացման գործին մէջ, նաեւ հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Փարիզի քաղաքապետը հիացմունքով կ՛արտայայտուի նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մասին՝ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ատեն տեղեկացնելով, որ կը նախատեսեն սոյն տարուան, Փարիզի մէջ ընթացքին հիմնել հայկական նախագիծ հանդիսացող ԹՈՒՄՕի օրինակով կեդրոն մը, որ պիտի դառնայ երկկողմ բարեկամութեան եւս մէկ կամուրջ։

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Փարիզ: Նախագահը 23 Յունուարին հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ. աւարտին տեղի պիտի ունենայ համատեղ մամլոյ ասուլիսը: Իսկ Երկուշաբթի, 22 Յունուարին, կը նախատեսուի նաեւ ՀՀ նախագահի հանդիպումը Ծերակոյտի ղեկավար Ժերար Լարշէի հետ:

24 Յունուարին, Սթրազպուրկի մէջ, Հայաստանի նախագահը պիտի մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի պատասխանէ պատգամաւորները հետաքրքրող հարցումներուն: Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտի, Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Կուիտօ Ռեմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճիաննի Պուքիչիոյի եւ ԵԽԽՎի նորընտիր նախագահին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.