2018-01-23 09:29:00

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2017 թուականի իրականացուցած աշխատանքները։


Հայաստանի կառավարութեան 2017ի գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ հարցերու կատարման ուղղութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութիւն.

2017ի գերակայ հարցերը եղած են թիւով վեց, որոնց ուղղութեամբ կատարուած են բոլոր նախատեսուած ծրագիրները:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ընդելուզման գործընթացի արագացում.

Նպատակային աշխատանքներ  տարուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու ընդելուզման, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Մշակուած եւ կատարելագործուած են տարբեր գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեան մեքենականութիւնները. կը գործեն միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանգման խումբ եւ թէժ գիծ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ: Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է գործարար ծրագիրներու մշակման: Մշակուած եւ շահագրգիռ կառոյցներուն ուղարկուած է «Սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով հարկադիր տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն հայցող անձանց ընդելուզման 2018-2022 թուականներու ռազմավարութիւն» նախագիծը: Ներկայիս կ՛ամբողջացուին եւ կը համակարգուին առաջարկները եւ դիտողութիւնները:

Հայապահպանման համար եւ ուծացման դեմ պայքարին՝ Սփիւռքի երիտասարդութեան շրջանակին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացում.

– 2017ի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 5 ուղղութիւններով դասընթացքներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայեր 30 երկիրներէ. նախորդ տարուան համեմատութեամբ մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 100ով:

– 2017ի Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանութեան ծրագիրը իրականացած է 9 փուլերով, որոնց ընդհանուր առմամբ մասնակցած են 1055 սփիւռքահայ երիտասարդներ՝ 36 երկիրներէ: Ծրագիրի ծիրէն ներս (ամէն օր) կազմակերպուած են հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքներ:

– Միացեալ Նահանգներու հայկական կրթօճախներուն մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած են 27 կրթօճախներու 50 ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ:

– Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ համատեղ, իրականացուած է «Հայապահպանման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար-2017» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստացուած են աւելի քան 160 անհատներու եւ կազմակերպութիւններու յայտեր, շուրջ 20 երկիրներէ: Արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2018ի սկիզբը:

– Նախարարութեան կողմէ 37 երկիրներու աւելի քան 200 Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու առաքուած են շուրջ 87,000 կտոր դասագիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր:

– Նախարարութեան աջակցութեամբ Սփիւռքի մէջ հիմնուած են 16 նոր միօրեայ դպրոցներ:

– Մայրենի լեզուի հեռավար ուսուցման ՀԲԸՄ AVC առցանց համալսարանի ուսուցման մասին տեղեկատուութիւնը տարածուած է Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ: Նախարարութեան ծրագիրներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուած են AVC-ի շնորհահանդէսներ եւ շրջայցեր:

Հայաստանի հանրապետութեան ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործին մէջ մեքենակառոյցներու ներդրում.

Սփիւռքահայերուն խորհրդատուական ծառայութիւններ տրամադրելու, գործարար ծրագիրներ առաջարկելու, ներդրումներու սահուն իրականացման օգնելու համար նախարարութենէն ներս ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը:

Նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժինը, ուր ներկայացուած են ներդրումներուն առնչուող օրէնսդրութիւնը, արտօնութիւնները, այլ նիւթեր, գործարար ծրագիրներ (աւելի քան 200 ծրագիր) եւ այլն: Սփիւռքի գործարարներուն ու հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատներուն ուղարկուած են գործարար ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ անոնց տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու բոլոր հարթակներու մասին (ընդհանուր առմամբ շուրջ 1200 գործարարի):

Կազմակերպուած են 3 կլոր-սեղան քննարկումներ, Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառք: Նախարարութեան մէջ կազմակերպուած են 30է աւելի հանդիպումներ սփիւռքահայ գործարարներու հետ, որոնց ներկայացուած են Հայաստանի համար մշակուած գործարար ծրագիրները:

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ 19 Սեպտեմբերին տեղի  ունեցած է Հայկական առեւտրական ցանցի (ՀԱՑ) 3րդ գործարար ժողովը, իսկ 20 սեպտեմբերին՝ ՀԱՑի 5րդ ընդհանուր ժողովը, որոնց մասնակցած է շուրջ 200 գործարար:

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջանակին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման աջակցութիւն.

Նախարարութիւնը կազմակերպած է «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում՝ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական հիմնարկներու հետ:

Նախարարութեան պատուէրով շարք մը գիտական հաստատութիւններ իրականացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտահետազօտական աշխատանքներ, որոնք հրապարակուած են:

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի» թեմատիկ ուղղութեան ծիրին մէջ տեղի  ունեցած է «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում. քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիստը:

«Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման ձեւաւորում եւ զարգացում.

20-24 Հոկտեմբեր 2016ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայացած Լրագրողներու 8րդ համաժողովին սկիզբ դրուած է «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման: Շարժումը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է եւ անոր միացած են Սփիւռքի համայնքային կառոյցներ, կրթօճախներ, լրատուամիջոցներ: 2017ի նախարարութիւնը հռչակած է «Արցախի տարի», որուն ծիրին մէջ  Սփիւռքի համայնքներուն մէջ կազմակերպուած են Արցախի պատմութեան, մշակոյթին, տնտեսութեան նուիրուած ձեռնարկներ, դրամահաւաքներ, նիւթական օգնութիւն, լաւագոյն փորձի փոխանակում եւ այլն:

Սփիւռքի մէջ, ըստ մասնագիտութիւններու, համահայկական ցանցերու ընդլայնում եւ մասնագիտական ներուժի օգտագործում՝ Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութեան զարգացման համար.

18էն 20 Սեպտեմբեր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովը: Համաժողովը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով (3 լիագումար եւ 16 թեմատիկ նիստ): Համաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած է 3 կլոր-սեղան քննարկում: Համաժողովի աւարտին ընդունուած յայտարարութեան մէջ ուղենշուած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները եւ յետագայ ընելիքները: Համաժողովին մասնակցած է 1837 անձեր՝ 71 երկիրներէ (16 երկիրներէ մասնակցած են առաջին անգամ), որոնցմէ 1363ը՝ Սփիւռքէն: Համաժողովին հիմնական զեկոյցով հանդէս եկած են 106 մասնակիցներ՝ 17 երկիրներէ: Համաժողովին յարակից ելոյթներով եւ հարցադրումներով հանդէս եկած են 168 մասնակիցներ՝ 26 երկիրներէ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աշխոյժ կերպով համագործակցած է «Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով»ի, Հայկական առեւտրական ցանցին հետ՝ իրականացնելով  շարք մը ձեռնարկներ:

Նոյն ժամանակ աշխատանքներ տարուած են նոր համահայկական ընկերակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.