2018-01-23 08:20:00

Սուրբ երկիր. Երիտասարդները կարեւոր դեր մը ունին խաղաղութեան խթանումին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, յունուար 20ին, ԱՄՆի, Քանատայի, Եւրոպայի Միութեան եւ Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսները, Երուսաղէմի մէջ 18-20 յունուար գուամարած Holy Land Coordination տարեկան այցելութեան աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղած են աջակցիլ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք աշխատանք եւ բնակարան կը հայթայթեն եւ կը դիւրացնեն երկխօսութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ։

Եպիսկոպոսները կը յորդորեն հաւատացեալները, որ աղօթեն եւ կազմակերպեն ուխտագնացութիւններ դէպի Սուրբ Երկիր՝ օգնելու համար տեղացի ժողովուրդին։ Եպիսկոպոսները ակնարկելով պաղեստինցի եւ հրեայ երիտասարդներու հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն, կʼուզեն բաժնեկից ըլլալ անոնց յոյսին եւ ճանչնալ անոնց էական դերը՝ խաղաղութեան յառաջացումին մէջ։ Այս մարզէն ներս կարեւոր դեր ունի տեղացի քրիստոնեայ համայնքը, որ կը մատուցանէ իր նպաստը՝ շնորհիւ իր երիտասարդներուն եւ այն ծառայութեան որ կը մատուցանէ բոլոր երիտասարդներուն անխտիր։

Երիտասարդներն են, որ կը յանդգնին հետապնդել խաղաղութիւնը, որոնք կը խորտակեն պատնէշները եւ անհատներուն կը հայթայթեն միջոցներ՝ սնուցանելու հանդուրժողականութիւնը. զանազան քրիստոնեայ կազմակերպութիւններու հետ աշխատող կամաւոր երիտասարդներն են, որոնք այդ վիրաւոր ընկերութեան կը մատուցանեն մարդկայնութեան ապացոյցը։

Եպիսկոպոսները յայտարարութիւնը կը փակեն կոչ ուղղելով՝ «Յիշենք այդ երիտասարդները մեր աղօթքներուն մէջ, եւ, ներշնչուած Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, Աստուծոյ օգնութեամբ ջանք թափենք կատարել մեր բաժինը՝ այդ երկիրը վերածելու աւելի մարդկայնական, աւելի արժանավայել՝ այսօրուան եւ ապագայի երիտասարդներուն համար։»

Յայտարարութիւնը ստորագրած են 13 եպիսկոպոսներ, եւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Տուարթէ տա Քունհա։ Անդրադառնալով յայտարարութեան, ան ըսած է, թէ երիտասարդները, որոնք կʼապրին տարբեր պարագաներու մէջ, յոյսով կը դիտեն ապագան եւ կը մերժեն ամէն բան որ կը յառաջացնէ լարուածութիւն եւ բախում։ Գերապայծառը կարեւոր նկատած է երիտասարդներու կրթութիւնը եւ ուսումը։ Ան նկատած է, թէ «այն երիտասարդները, որոնք կʼուսանին, աւելի բաց միտք եւ տեսլական ունին, եւ անոնց մօտ աւելի նուազ է նախապաշարումն ու գաղափարախօսութիւնը։ Խաղաղութեան մարտահրաւէրը կարելի է յաղթահարել պահելով յոյսի եւ ուսումի միասնութիւնը, որուն համար հարկաւոր են նաեւ լաւ ուսուցիչներ։» Խօսքի աւարտին, Գերապայծառը նկատած է նաեւ, թէ Կաթողիկէ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայութիւնը Սուրբ Երկրէն ներս կարեւոր դեր կը խաղայ իր դպրոցական առաքելութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.