2018-01-23 08:24:00

Երեւանի Կապոյտ Մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար յայտ ուղարկուած է Իրան


Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու գործընթացի ծիրէն ներս յայտ ուղարկած է Իրանի իր գործընկերներուն` ուսումնասիրութուններու եւ եզրակացութեան համար: Այս մասին՝ ըստ PanARMENIAN.Nеt-ի՝ յայտնած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան:

Իրանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռնարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Հոսէյն Թալեբյան ըսած է, որ մզկիթի մօտ գտնուող շարք մը կառոյցներ կը խոչընդոտեն գործընթացը: Ան աւելցուցած է, որ հարցը քննարկուած է Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանի հետ:

2013-ին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕԻ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներկայացնելու գործընթաց սկսելու: Իրանական կողմը ողջունած էր նախաձեռնութիւնը:

Քանի մը օր առաջ յաղորդած էինք, որ Իրան յայտարարած է Սպահան նահանգի Ջուղայի մէջ գտնուող հայկական Սբ Ամենափրկիչ եկեղեցին արձանագրել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջո ընդգրկելու մասին: Իրանի մէջ   գտնուող երեք հայկական եկեղեցի արձանագրուած է ցանկին մէջ:

(Եռագոյն)








All the contents on this site are copyrighted ©.