2018-01-22 08:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Փերուէն հրաժեշտը։


 

 (Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 21 Յունուար 2018-ին, Լիմայի օդանաւային “Las Palmas” կեդրոնի տարածքին մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտի խօսք ուղղելով ներկաներուն ուզեց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին ճամբորդութիւնը, առաջին կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով Փերուի նախագահ՝ Տիար Փետրօ Փապլօ Քուչինսքիին, քաղաքական իշխանութիւններուն ու իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ հազարաւոր կամաւորներուն։ «Շնորհակալ եմ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ իր այս ուխտագնացութիւնը սկսած էր ըսելով թէ Փերուն Յոյսի երկիր է։ «Յոյսի երկիր մը անոր վայրերու գեղեցկութեան համար, որոնք մեզ կ՛օգնեն բացայայտելու Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Յոյսի երկիր՝ իր աւանդութիւններու հարստութեան համար։ Յոյսի երկիր երիտասարդներուն համար որոնք միայն ապագան չեն այլեւ Փերուի ներկան, որոնցմէ կը խնդրեմ որ յայտնաբերեն իրենց մեծ հայրերու ու տարեցներու իմաստութիւնը։ Երիտասարդներ արմատախիլ մի ըլլաք  եւ դուք մեծ հայրեր ու տարեցներ երբեք մի դադրիք նոր սերունդներուն փոխանցելու ձեր ազգին արմատները ու երկինք հասնելու ճանապարհին իմաստութիւնը։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ դառնալու 21-րդ դարու սուրբեր» ըսաւ Քահանայապետը դիմելով ներկաներուն ու ըսելով «Փերուվացի եղբայրներ, դուք յոյսի բազմաթիւ պատճառներ ունիք ։ Պահպանեցէք յոյսը միութեան մէջ, որպէսզի ան միշտ աւելիով աճի։ Աստուծոյ վրայ յոյսը չի խափեր»։ Ձեզ կը կրեմ իմ սրտիս մէջ։ Աստուած օրհնէ ձեզ ու եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.