2018-01-22 15:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Հռոմ ու անմիջապէս ուղղուեցաւ «Մարիա Մաճճորէ» տաճար։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 22 Յունուար 2018-ի կէսօրէն ետք 2.15 անց,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Ջամփինօ օդակայան որով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 22-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդած Չիլի եւ Փերու։

Հռոմ ժամանելուն Սրբազան Հայրը անմիջապէս ուղղուեցաւ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթելու եւ Տիրամօր շնորհակալութիւն յայտնելու առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.