2018-01-21 17:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Փերուի եպիսկոպոսներուն հետ. «Սուրբ Թորիպիոն տիպար եւ օրինակ»


(Ռատիօ Վատիկան) Փերու կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 21 Յունուար 2018-ի առաւօտեան տեղական ժամով 10.50-ին (Հռոմի ժամով 16.50) հանդիպում ունեցաւ Փերուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ու այդ առթիւ անոնց արտասանեց ճառ մը որուն մէջ նախ ակնարկեց անցեալ տարուայ եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութեան, ապա նշեց թէ «Փերուի մէջ անցուցած այս օրերը  առիթ եղան դպչելու Ժողովուրդին հաւատքին»։

Մեկնելով ապա ճամբորդութեան կարգախօսէն որուն առանցքը կը կազմեն միութիւնն ու յոյսը մատնանշեց Մոնկրովեծոյի Սուրբ Թորիպիոյին որ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսութեան պաշտպան սուրբն է ու տիպար «եկեղեցական միութեան կառուցումին», նման նոր Մովսէսի մը որ գիտցաւ ընթանալ դէպի միւս ափը - ըսաւ Քահանայապետը եւ իր ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց սուրբին կեանքին ու առաքելութեան վրայ հաստատելով թէ «Սուրբ Թորիպիօ թողուց ապահով վայր մը ու եկաւ այստեղ՝ որպէս հայր եւ հովիւ իր դիմաց ունենալով նոր մարտահրաւէրներ։ Անոր՝ Տիրոջ վրայ վստահութիւնն ու հաւատքը զինք մղեցին անցնելու միւս ափը, փնտռելու համար հեռաւորներն ու կորսուածները, լքելով հանգստաւէտ «առաջնորդարանը» ու յարատեւ կազմակերպելով հովուական այցելութիւններ, հասնելու համար այնտեղ ուր կարիք կայ։

 22 տարուայ եպիսկոպոսի իր առաքելութեան ընթացքին Ան 18 տարիները անցուց իր քաղաքէն հեռու, գիտակից ըլլալով թէ այդ էր միակ հովուական ճանապարհը՝ այսինքն «մօտիկութիւնը» ոչ միայն խօսքով այլ գործով  ու այն համոզումով թէ Աւետարանի ուրախութիւնը վերապահուած է բոլորին։

Ան արդարեւ  Աւետարանը հասցուց նաեւ բնիկներուն իրենց բարբառներով հրապարակելով քրիստոնէականի գիրգեր ու կղերականները մղելով սորվելու այդ հաւատացեալներու լեզուն, որպէսզի Աւետարանը ներգործեր հաւատաւորներու սրտերուն մէջ։

Այդ «տեսլականը» այժմէական է նաեւ մեզի համար՝ 21-րդ դարու հովիւներուս, որ կարիքը ունինք սորվելու բոլորովին նոր լեզու մը՝ «թուային» լեզուն, որ մեր երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն լեզուն ու բարբառն է - ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ «Մշակոյթի աւետարանումը  մեզմէ կը պահանջէ մուտք գործել սրտերուն մէջ, մշակոյթի սրտին մէջ, որպէսզի ան լուսաւորուի Աւետարանի լոյսով»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց Սիրոյ ներգործութեան առանց որուն կարելի չէ աւետարանումը - ըսաւ Ան - դիտել տալով թէ Սուրբ Թորիպիօն ականատես եղաւ չարաշահումներուն, հրահրուած կաշառակերութեան ախտէն ու գործադրուած յատկապէս բնիկներու դէմ,  ու հրապարակաւ դատապարտեց այդ արարքները այն համոզումով թէ հասարակութիւններու եւ ընկերութեան ներքոյ՝ սիրոյն պէտք է  ընկերանայ  նաեւ արդարութիւնը որովհետեւ չկայ իսկական աւետարանում որ ի յայտ չի դներ մեր եղբայրներու կեանքին սպառնացող թերութիւնները, յատկապէս երբ անոնք կը սպառնան առաւել խոցուած մարդոց կեանքին – ըսաւ Սրբազան Պապը եւ անդրադարձաւ Սուրբին՝ քահանաներուն տրամադրած կազմաւորումին, որ չի սահմանափակուեցաւ միայն նորընծայարանի շրջանի ուսմունքով, այլ եղաւ շարունակական նա մանաւանդ իր անոնց ցուցաբերած մօտիկութեամբ ու հայրական խնամակալութեամբ ։ Ան եղաւ այն Հովիւը որ լաւապէս կը ճանչնայ իր քահանաները, անոնց մօտ կ՛երթայ, կը խրախուսէ զանոնք, կը յանդիմանէ ի հարկին, անոնց յիշեցնելով թէ պէտք են խնամք տանիլ իրենց յանձնուած հաւատացեալներուն՝ որպէս հարազատ զաւակներ ։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց «միութեան» ի սպաս Սուրբին գործունէութեան, յատկապէս Լիմայի Երրորդ Տիեզերական Ժողովին, որով վերջ դրուեցաւ ներքին լարուածութիւններուն։

«Մենք եւս որպէս եպիսկոպոսական համահաւաք դաս, ներշնչուելու ենք այդ իրողութենէն ու յիշելու ենք թէ միութիւնը կը յաղթահարէ հակամարտութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց եպիսկոպոսները աշխատելու վասն միութեան, եւ ըլլալու հաղորդութեան խորհուրդ՝ ի միտ ունենալով առաջին եկեղեցւոյ կեանքը որ յատկանշուած էր սիրով, որ է լաւագոյն աւետարանութիւնը, յարեց Սրբազան Պապը  ու մատնանշեց Սուրբին վերջին ճամբորդութեան դէպի երկնային Երուսաղէմ ուր ան գնաց իր պայուսակին մէջ ունենալով բազմաթիւ դէմքեր եւ անուններ որոնք հանդիսացան դէպի երկինք մուտքի արտօնագիր - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացնելով նաեւ ժողովուրդին՝ հովիւին վերապահած  հրաժեշտի վերջին պատկերը ՝ երբ բնիկներէն մին սրինգով ընկերացաւ այդ հրաժեշտի պահուն որպէսզի Հովիւին հոգին գտներ իր հանգիստը – ըսաւ Սրբազան Պապը, մաղթանք յայտնելով որ բոլոր ներկաները եւս կարելիութիւնը ունենան՝ իրենց վերջին ճանապարհորդութեան օրը ապրելու այդպիսի պահեր ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.